Իմ սի­րե­լի ձե­ռար­ուես­տի աշ­խար­հէն ներս խո­շոր քայ­լե­րով մուտք գոր­ծե­ցի, ասեղ­նա­գոր­ծու­թիւն դա­սա­ւան­դե­լով տար­բեր խմ­բակ­նե­րու. այդ մի­ջո­ցին ես ալ նոր գի­տե­լիք­ներ ձեռք բե­րի:
Հա­յաս­տան հաս­տատ­ուե­լէ ետք ին­ծի հա­մար շատ դիւ­րին եղաւ հոս աշ­խա­տանք գտ­նե­լը, մի­ակ դժ­ուա­րու­թիւնս օրէնսդ­րա­կան կա­նոն­նե­րուն լա­ւա­տեղ­եակ չըլ­լալս էր. նա­խընտ­րե­լի էր գրանց­ուած աշ­խա­տանք ու­նե­նալ, որ­պէս­զի ճիշդ հիմ­քե­րու վրայ դր­ուած ըլ­լար գործս:
Սուր­իոյ հա­մայն­քը մեծ մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն մը եղած էր, ուր միու­թիւն­նե­րը, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, ըն­տա­նի­քը միշտ կը պահ­պա­նէ­ին աւան­դոյթ­նե­րը, ծէ­սե­րը, աւան­դա­կան տօ­նե­րը, ու յատ­կա­պէս մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն եւ գուր­գու­րանք կը տա­ծէ­ին ասեղ­նա­գոր­ծու­թեան նկատ­մամբ:
Հա­լէ­պի մէջ նա­խա­սի­րու­թեամբս տունս կը յար­դա­րէի գե­ղե­ցիկ ասեղ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով: Իւ­րա­քան­չիւր ասեղ­նա­գործ աշ­խա­տան­քի ու­սում­նա­սի­րութ­եամբ, դա­սըն­թացք­նե­րու հե­տե­ւե­լով, յա­տուկ տն­տես­վա­րա­կան ծրա­գիր­նե­րով կր­ցայ յաղ­թա­հա­րել բո­լոր շու­կա­յի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը, ին­չու չէ նա­եւ անոնց­մէ կր­ցայ թէ՛ գի­տե­լիք­ներ ձեռք բե­րել եւ թէ՛ բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ ու­նե­նալ, որոնց աջակ­ցու­թիւնը վա­յե­լե­ցի:
Որ­պէս ձեռ­նե­րէց ան­հատ կը գոր­ծակ­ցիմ վար­պետ­նե­րու հետ եւ ու­նիմ նաեւ աշ­խա­տող­ներ: Եւ­րո­պա­կան կա­րա­տե­սակ­նե­րը բո­լո­րը իւ­րա­ցու­ցած եմ իմ ջան­քե­րովս եւ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րովս, հա­մադ­րու­թիւն­ներ ըրած եմ եւ­րո­պա­կա­նի եւ հայ­կա­կա­նի միջեւ եւ լայն տե­սա­կա­նի­նե­րու վրայ` դրոշմս դրած: Ան­սահ­ման Երեւակա­յու­թեամբ կ’աշ­խա­տիմ` վզ­նոց­ներ, քողեր, տօ­նա­ծա­ռի խա­ղա­լիք­ներ………:
Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւնը մե­ծա­պէս քա­ջա­լե­րեց զիս եւ մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօն­ե­րու մաս­նակ­ցե­լու առի­թը ու­նե­ցայ:
Ամե­րի­կա­յի Ուա­շինկ­թըն քա­ղա­քին մէջ Ապ­րիլ 2018-ին, Smith Sonion folk festiv 90-վար­պետ­նե­րու կող­քին, հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը ներ­կա­յա­ցու­ցինք, «Արա­րել Հայ­կա­կան Տուն» ARMENIA CREATING HOME խո­րագ­րով, ուր ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ հայ­կա­կան կեն­ցա­ղը իր ասեղ­նա­գոր­ծու­թեամբ, եր­գով, պա­րով, օժի­տով……..:
Մաս­նակ­ցե­ցայ նաեւ Surajkund Art and craft mela Հնդ­կաս­տա­նի փա­ռա­տօ­նին` Մարտ 2020-ին:
Ինչ­պէս նաեւ 2018-ին Գեր­ման­իոյ մէջ թա­ղի­քա­գոր­ծու­թեան խմ­բա­կով Վրաս­տանի փա­ռա­տօ­նին` Սուր­ի­ա­հա­յե­րու միու­թեան հետ, մաս­նակ­ցած եմ նա­եւ Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի բո­լոր տա­րածք­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցած փա­ռա­տօն­ե­րուն:
Օտար­նե­րու գնա­հա­տանքն ու հի­աց­մուն­քը հպար­տու­թեամբ կը լեց­նէ սիրտս ու հո­գիս:
Ասեղ­նա­գոր­ծու­թիւն աշ­խա­տած մի­ջո­ցիս կ’ան­ջատ­ուիմ շր­ջա­պա­տէս, նախ­շե­րը ին­ծի կը տա­նին ու­րիշ աշ­խարհ, կը մտա­ծեմ անոնց խոր­հուր­դին մա­սին, այդ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուր­դի բնա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, որով­հե­տեւ ասեղ­նա­գոր­ծու­թիւնը կ’ար­տա­ցո­լաց­նէ շր­ջա­նի նկա­րա­գի­րը: Բո­լոր ձե­ւի ասեղ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ Այն­թա­պի գոր­ծը առա­ջին կար­գի տեղ կը գրա­ւէ իմ քովս` Այն­թապ­ցի ըլ­լա­լուս:
Տի­րա­պե­տած եմ Մա­րա­շի, Ուր­ֆա­յի, Տիգ­րա­նա­կեր­տի, Սուա­զի, Վա­նի, Այն­թա­պի, Լա­սէի, թոյ­լի եւ Շու­քի գոր­ծե­րուն:
Կը քա­ջա­լե­րեմ, որ երի­տա­սարդ սե­րուն­դը մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը պահ­պա­նէ եւ տա­րա­ծէ:
Մարալ Շէօհմէլեան-Պէրպէրեան