ՍՕ­ Խա­չը, որ­պէս ՀՕ­Մ-ի մէկ շա­ռա­ւիղ, իր մար­դա­սի­րա­կան առա­քե­լու­թեան ըն­թաց­քին մի՛շտ ալ աշ­խա­տանք ծա­ւա­լած է ինք­նա­բաւ ըլ­լա­լու, կնո­ջա­կան բա­զուկ­նե­րուն վս­տա­հե­լով նիւ­թա­կան հա­սոյթ ապա­հո­վե­լու ու անով իրա­կա­նաց­նե­լու իր բա­րե­սի­րա­կան բազ­մաբ­նոյթ ծրա­գիր­նե­րը: Այս ծի­րէն ներս, Շրջ. Վար­չու­թիւնը ամէն առ­թիւ խրա­խու­սած է իր յանձ­նա­խում­բերն ու նս­տա­վայ­րի մաս­նա­ճիւ­ղե­րը ինք­նու­րոյն հա­սու­թա­բեր ծրագ­իրներ մշա­կե­լու, իւ­րա­քան­չիւ­րը ապա­ւի­նե­լով իր հա­մեստ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն:
Անց­նող Սեպ­տեմ­բեր ամս­ուան ըն­թաց­քին, Շրջ. Վար­չու­թիւնը հրա­ւէր ստա­ցաւ Սուր­իոյ Դիւա­նա­գի­տա­կան Ակում­բէն մաս­նակ­ցե­լու բա­րե­սի­րա­կան ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար Շա­բաթ, 9 Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, Դա­մաս­կո­սի Տա­մա Ռոզ պան­դո­կէն ներս: Սոյն խմ­բակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նա­խա­պէս այ­ցե­լած էին ՍՕ­ Խա­չի Ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րոն, ծա­նօ­թա­ցած` վար­չութ­եանս կարգ մը ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ ու գա­ղա­փար մը կազ­մած միու­թեանս մինչ օրս ծա­ւա­լած ծրա­գիր­նե­րուն շուրջ:
Վար­չու­թիւնս ըն­դա­ռա­ջեց այս խմ­բակ­ցու­թեան առա­ջար­կին, յար­մար առիթ նկա­տե­լով միու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւնը, քա­րոզ­չա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով: Ցու­ցա­հան­դէ­սի նա­խօր­եա­կին Շրջ. Վար­չու­թեան հինգ ըն­կե­րու­հի­ներ ժա­մա­նե­ցին մայ­րա­քա­ղաք: Կարճ ժա­մա­նակ անց, ի յայտ եկաւ, թէ ցու­ցա­հան­դէ­սին կը մաս­նակ­ցէ­ին թուով 19 եր­կիր­նե­րու դես­պա­նա­տու­ներ, որոնք իրենց եր­կիր­նե­րու ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը կը ծա­նու­ցէ­ին, իւ­րա­քան­չիւ­րը իրեն յա­տուկ ոճով ու ճա­շա­կով: Այս տա­րի, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, ակում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը հրա­ւի­րած էին նա­եւ Հա­լէ­պէն քա­նի մը բա­րե­սի­րա­կան միու­թիւն­ներ, մաս կազ­մե­լու սոյն բարձ­րո­րակ ցու­ցա­հան­դէ­սին:
Նա­խա­ձեռ­նու­թեան նա­խօր­եա­կին, Շրջ. Վար­չու­թիւնը գոր­ծի լծեց Աշ­խա­տա­նո­ցի եւ Ձե­ռար­ուես­տի յանձ­նա­խում­բե­րը նոր ար­տադ­րու­թիւն­նե­րով հարս­տաց­նե­լու իրենց հա­ւա­քա­ծո­նե­րը: Առա­ջարկ­ուե­ցաւ նա­եւ նս­տա­վայ­րի մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն, հնա­րա­ւոր ու­տեստ­նե­րու եւ անու­շե­ղէ­ննե­րու պատ­րաս­տութ­եամբ, իրե՛նք եւս մաս եւ բա­ժին ու­նե­նա­լ այս ծրագ­րին մէջ: Թե­լադ­րանք­նե­րը լի­ի­րաւ իրա­գործ­ուե­ցան, սա­կայն հարկ էր այս բո­լոր ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը մի­ա­ւո­րել մէկ պի­տա­կի տակ: Այս շր­ջա­նին, վար­չութ­եանս յա­ռա­ջա­ցու­ցած Շու­կա­յա­վար­ման յանձ­նա­խում­բը «Narod» վա­ճա­ռա­նի­շի առա­ջար­կու­թեամբ ներ­կա­յա­ցած էր, որ­պէս ՍՕ­ Խա­չի ար­տադ­րու­թիւն­նե­րու առ­ցանց վա­ճա­ռա­նիշ: Գա­ղա­փա­րը աւե­լի քան նպա­տա­կա­յար­մար էր: Հարկ էր որ­դեգ­րել սոյն պի­տա­կը մի­ա­ւո­րե­լու զոյգ յանձ­նա­խում­բե­րուն եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը, ծա­նօ­թաց­նե­լու ՍՕ­ Խա­չի ար­տադ­րան­քը օտար մի­ջա­վայ­րին:
Եւ այս­պէս ծնունդ առաւ «Narod»ը: Ցու­ցա­հան­դէ­սին դրա­կան ար­ձա­գանգ ու­նե­ցան հայ­կա­կան ասեղ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, չոր­ցած պտուղ­նե­րով պատ­րաստ­ուած քաղց­րա­ւե­նիքն ու չի­րե­րը եւ հա­մար­եա՛ բո­լոր ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը, «Narod» պի­տա­կի կցու­մով: Ակա­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը դր­ուա­տան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով քա­ջա­լե­րե­ցին ՍՕ­ Խա­չը, որ­պէս ինք­նու­րոյն դի­մա­գիծ ու­նե­ցող միու­թիւն: Ուս­տի, ար­ձա­նագր­ուած յա­ջո­ղու­թիւնը աւե­լի քան խրա­խու­սա­կան էր: Վարձ­քը կա­տար նուիր­եալ ըն­կե­րու­հի­նե­րու այն հոյ­լին, որ անձ­նու­րաց նուի­րու­մով, տիւ եւ գի­շեր ան­դուլ աշ­խա­տան­քով, յա­ջո­ղե­ցաւ կարճ ժա­մա­նակ­ուայ ըն­թաց­քին ան­կա­րե­լին իրա­կա­նաց­նել:
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւն