«Մենք մեր անցեալով եւ գործունէութեամբ ցոյց տուած ենք, որ սենեկային ընդդիմութիւն չենք եւ քննարկումներով պիտի չբաւարարուինք, բայց այս ամբողջ գործընթացը պէտք է հասունցնենք, եւ յառաջիկային մենք պիտի ունենանք մեծ հանրահաւաք», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը «Հայաստան» դաշինքի կազմակերպած` «Հայաստանին եւ Արցախին սպառնացող վտանգներն ու անոնց յաղթահարման ուղիները» կլոր սեղան-քննարկումի ժամանակ պատասխանելով լրագրողներու հարցումին դիմադրութեան դրսեւորումներու մասին: «Հանրահաւաքը այս օրակարգով է. մեր պետականութիւնը կը գտնուի վտանգի տակ, Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան իշխանութիւնները պիտի երթան նոր զիջումներու, պէտք է փորձենք կանխել», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան: Այս ամէնը անոնք կը կանխատեսեն, որովհետեւ կը վերլուծեն շրջանի գործընթացները, կը տեսնեն թշնամական երկրի յայտարարութիւնները, կը տեսնեն` Հայաստանի իշխանութիւններու արձագանգը անոնց, կը տեսնեն այն պայքարը, որ կը մղեն այն մարդոց, կազմակերպութիւններու դէմ, որոնք կը փորձեն տէր կանգնիլ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն, եւ ատիկա բաւարար է ենթադրելու համար, որ այս իշխանութիւնները պիտի երթան զիջումներու: «Այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին եւ «Հաքքին.ազ»-ի կարծիքները շատ յաճախ նոյնն են: Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք գաղտնաբար կը պատրաստուին նոր դաւադրութեան», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան: