«Երկիր».-Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Նոյեմբերի առաջին տասնօրեակին: Այս մասին յայտնած է «Ռիա Նովոստի»-ն` յղում ընելով իր աղբիւրին: Աղբիւրի տեղեկութիւններուն համաձայն, բանակցութիւններու հետեւանքով ղեկավարներըէ եռակողմ յայտարարութիւններ պիտի ստորագրեն: Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Փութինի եւ Փաշինեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանի մէջ կայունութեան հաստատման ուղղուած քայլերը: