ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ – Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կան­նե­րու ձա­խող ըն­թաց­քին հե­տե­ւան­քով, անց­եալ շաբթ­ուան ըն­թաց­քին Ֆութ­պո­լի Դաշ­նու­թիւնը իր ամ­բողջ կազ­մով հրա­ժա­րա­կան ներ­կա­յա­ցուց: Եր­կու­շաբ­թի օր Դա­մաս­կո­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ դաշ­նութ­եան ար­տա­կարգ նիս­տը, որուն աւար­տին Թաու­ֆիք Սար­հան ընտր­ուե­ցաւ առ­ժամ­եայ նա­խա­գահ: – Մաս­նակ­ցու­թեամբ վեց ակումբ­նե­րու` Իթ­թի­հա­տի, Ուահ­տէի, Ճէյ­շի, Քա­րա­մէի, Ճա­լ­ա­աի եւ Հըթ­թի­նի, Դա­մաս­կո­սի մէջ սկ­սաւ Սուր­իոյ պաս­քե­թի Սու­փր Բաժակի մր­ցա­շար­քը: Սոյն մր­ցա­շար­քը Սուր­իոյ պաս­քե­թի պատ­մու­թեան մէջ առա­ջինն է, որ կազ­մա­կերպ­ուե­ցաւ նո­րըն­տիր Պաս­քե­թի Դաշ­նու­թեան կող­մէ: ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԸ ՊԱՏԺԱԿԱՆ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ՈՒԵ­ՖԱ-ն պատ­ժա­կան տնօ­րի­նում սահ­մա­նեց Անգլ­իոյ Ֆութ­պո­լի Դաշ­նու­թեան` Եւ­րօ-2020-ի Անգլ­իա – Իտալ­իա հան­դի­պու­մին տե­ղի ու­նե­ցած ան­կար­գու­թեան հե­տե­ւան­քով: Յա­ռա­ջի­կայ եր­կու տե­ղա­կան հան­դի­պում­նե­րուն, Անգլ­իոյ հա­ւա­քա­կա­նը պի­տի ներ­կա­յա­նայ առանց ժո­ղո­վուր­դի: Անգլ­իոյ Ֆութ­պո­լի Դաշ­նու­թիւնը ստա­ցաւ նա­եւ 100 հա­զար եւ­րո­յի ար­ժո­ղու­թեամբ նիւ­թա­կան տու­գանք: Յի­շեց­նենք, որ 11 Յու­լի­սին Լոն­տո­նի «Ուեմպ­լի» մար­զա­դաշ­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած եզ­րա­փա­կիչ հան­դի­պու­մէն առաջ, քա­նի մը հա­րիւր անգլ­ի­ա­ցի­ներ առանց տոմ­սի ներ­խու­ժած էին դաշտ, ուր բա­խում­ներ տե­ղի ու­նե­ցած էին անվ­տան­գու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րու հետ: Խա­ղի ըն­թաց­քին անգլ­ի­ա­ցի ան­հատ­ներ ծե­ծի են­թար­կած են հան­դի­սա­կան­նե­րը եւ տար­բեր առար­կա­ներ նե­տած են խա­ղա­դաշտ: ՊԵՆԶԵՄԱՆ ՆՈՐ ՊԱՐԳԵՒ ՍՏԱՑԱՒ Սպան­իոյ Ռէ­ալ Մատ­րիտ ակում­բը իր պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին վրայ յայ­տա­րա­րեց, որ խում­բի ֆրան­սա­ցի յար­ձա­կո­ղա­կան խա­ղա­ցող Քա­րիմ Պե­նզե­ման նուա­ճում մը եւս ար­ձա­նագ­րե­լով տի­րա­ցաւ Սեպ­տեմ­բեր ամս­ուան լա­ւա­գոյն խա­ղա­ցո­ղի կո­չու­մին: Ըստ կայ­քին, Պե­նզե­ման կր­ցաւ գրա­ւել առա­ջին դիր­քը, իրեն յա­ջոր­դե­ցին Վի­նիսի­ոս Ճինի­ը­րը եւ Քորթ­ուան: Աւելց­նենք, որ ֆրան­սա­ցի մար­զի­կը այս տա­րեշր­ջա­նին մինչ օրս նշա­նա­կած է 9 կոլ: ԿԱՐԻԷԹ ՊԷՅԼ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ԱՐՍԵՆԱԼԻ ԿՈՂՄԷ Ըստ Defensa Central-ին, Լոն­տո­նի Ար­սե­նա­լը փա­փաք յայտ­նած է ձեռք բե­րել Սպան­իոյ Ռէ­ալ Մատ­րի­տի եւ Ուել­զի հա­ւա­քա­կա­նի յար­ձա­կո­ղա­կան մար­զիկ Կարի­էթ Պէյ­լը: Անգլ­ի­ա­կան ակում­բը 32-ամ­եայ ֆութ­պո­լիս­տին գծով իր առա­ջար­կը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ար­քա­յա­կան ակում­բին, որ­պէս­զի Յուն­ուա­րի փո­խադ­րաշր­ջա­նին Պէյլը մի­աց­նեն լոն­տոն­եան ակում­բին: Ըն­թա­ցիկ մր­ցաշր­ջա­նին Պէյլ Ռէ­ա­լին հետ մաս­նակ­ցած է 3 հան­դի­պու­մի եւ ար­ձա­նագ­րած է մէկ կոլ: Պէյլ 2013-ին Լոն­տո­նի Թո­թեն­համ ակում­բէն մի­ա­ցաւ Ռէ­ա­լին` փո­խան 101 միլի­ոն եւ­րո­յի:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ