Երեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժեր սաստկացուցին իրենց զինուորական գործողութիւնները Հասիչէի հիւսիսարեւմտեան արուարձանի Ռաս ուլ Այն գիւղի բնակիչներուն դէմ։ Հասիչէի ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ թրքական ուժեր Ռաս ուլ Այն փոխադրեցին ռազմական սարքեր, ներառեալ թնդանօթներ, արդիական զէնքեր եւ այլն, զուգահեռաբար Հասիչէի օդային տարածքին մէջ թրքական պատերազմական օդանաւեր օդային յարձակումներ սկսան։