ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, որ «Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը 26 Հոկտեմբեր 2021-ին սկսող Ազգային Ժողովի նստաշրջանին մէջ ներառած է երկու գործիքակազմ՝ հրատապ հարցերով»: Ան դիտել տուաւ, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը մշտապէս կը յայտարարէ, որ հարկ է օգտագործել թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ արտախորհրդարանական բոլոր գործիքակազմերն ու կարելիութիւնները: Գործիքակազմերէն մէկը քննիչ յանձնախումբի մեքանիզմն է: «Այս պահուն օրակարգի վրայ է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ 27 Սեպտեմբեր 2020-էն անմիջապէս ետք հաւաքագրուած միջոցները Հայաստանի կառավարութեան փոխանցելու հարցը, երկրորդ քննիչ յանձնախումբը արդարադատութեան ոլորտին մէջ է, որ արդէն դրուած է շրջանառութեան մէջ. դիմումը ներկայացուած է, ամենայն հաւանականութեամբ ատիկա յաջորդ շաբթուան ընթացքին պիտի ըլլայ», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան: «Երկրորդ գործիքակազմը, որ նիստին ներառուած է` Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքով եւ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ նախատեսուած հարցն է, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին եւ սահմանագծման հարցերուն: Մենք մտադիր ենք այս հարցին շուրջ իրականացնել ո՛չ միայն ամէնէն արդիւնաւէտ քննարկումներէն մէկը, այլեւ անոր աւարտին առաջադրել յայտարարութեան յստակ նախագիծ` ուղղուած ո՛չ միայն միջազգային հանրութեան, մեր քաղաքացիներուն, այլ նաեւ գործադիր իշխանութեան` իր սահմանադրական, օրինական պարտաւորութիւնները կատարելու առումով», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան: