ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի յայտարարութիւնը օտարերկրեայ որոշ գործիչներու հակահայ յայտարարութիւններուն առնչութեամբ. «Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ատրպէյճանա-թրքական յարձակումի արդիւնքը ազդած է ոչ միայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան քաղաքական վարքին, այլ նաեւ օտարերկրեայ որոշ շրջանակներու վրայ, որոնք, խեղաթիւրելով ու նենգափոխելով արցախեան հիմնահարցի էութիւնը, հանդէս եկած են միակողմանի յայտարարութիւններով։ Այդ յայտարարութիւնները գրեթէ բացարձակ նմանութեամբ կը կրկնեն ատրպէյճանական պետական դիրքորոշումները։ Ցաւալի է, որ պաշտպանութեան լծուած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ պետութիւններուն մէջ կարեւոր հանգամանքներ ստանձնած կամ ստանձնող պետական ու կրօնական գործիչներ։ Մասնաւորապէս՝ խստօրէն կը դատապարտենք Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Մոսկուայի պատրիարքարանի արտաքին եկեղեցական կապերու բաժինի ղեկավար միթրոփոլիթ Իլարիոնի եւ Մինսքի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթյու Պրայզայի խնդրայարոյց յայտարարութիւնները։ Վերջինս տեւական ժամանակահատուածով է, որ իր առօրեայ գործունէութեամբ ու անձնական հետաքրքրութիւններով կը գտնուի ատրպէյճանական եւ թրքական շրջանակներու տրամադրութեան տակ։ Հետեւաբար, Պրայզայի հակահայ յայտարարութիւնները այդքան զարմանայարոյց չէին, որքան Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականին յայտարարութիւնը՝ Արցախի փոքր բաժինին՝ հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուելու ժամանակաւոր բնոյթին մասին։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները հարիւրամեակներով են, ու թէեւ ժամանակ առ ժամանակ գրանցուած անախորժ միջադէպերուն, ի պատիւ մեր հոգեւոր հայրերուն, կարելի եղած է փոխադարձ յարգանքի եւ արժեւորումի միջավայրի մէջ շտկել հարցերը։ Հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի քոյր եկեղեցւոյ հայրերէն ակնկալելու նուազագոյնը անկողմնակալ դիրքորոշում։ Լիայոյս ենք, որ միթրոփոլիթ Իլարիոնի յայտարարութիւնը որեւէ աղերս չունի ռուսական եկեղեցւոյ պաշտօնական դիրքորոշումին հետ։ Ակնյայտ է, որ ատրպէյճանական կողմը, միջազգային սաստկացող ճնշումներուն եւ վերահաս պատիժի անխուսափելիութեան հեռանկարի լոյսին տակ, ձեռնամուխ է իր արարքներու միջազգային ղեկավարութեան պատրանքի ձեւաորումին՝ այդ գործին մէջ փորձելով ներառել կարելի եղածին չափ հնչեղ անուններ։ Միջազգային ամենատարբեր գործընկերներէն եւ հոգևոր կառոյցներու պետերէն կ’ակնկալենք իրենց իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ կանխել կարեւոր հանգամանքներ ստանձնող անձերու ներգրաւումը ատրպէյճանական քարոզչամեքենային մէջ։ Արտաքին գործընկերները մեր ժողովուրդին հանդէպ իրենց քաղաքականութիւնը պէտք չէ պայմանաւորեն`մեկնելով մեր երկրի անցողիկ դժուարութեամբ կամ Հայաստանի իշխանութիւններու կեցուածքով։ Մեր ժողովուրդը իր պատմութեամբ քանիցս ապացուցած է ծանրագոյն դժուարութիւնները յաղթահարելու՝ իր ունակութիւնը։ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերն ու գրասենեակները ամբողջ աշխարհի մէջ կը շարունակեն ուշի ուշով հետեւիլ յընթացս զարգուցումներուն, պետական կառոյցներու եւ անհատ գործիչներու յայտարութիւններուն»։ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ 26.10․2021