Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Սուտի ու կեղծիքի իշխանութիւնը խաղաղութեան կարգախօսներու ներքեւ 2020 թուականին բերաւ պատերազմ ու պարտութիւն: Մեզմէ գողցան մեր յաղթանակներն ու տօնական օրերը` փոխարէնը տալով սուգի, նուաստացումի, ողբի օրեր: Հիմա մեզ կրկին խաղաղութիւն կը խոստանան` «խաղաղութեան դարաշրջանի» տեսքով: Այս կը նշանակէ նոր զիջումներ, նոր խայտառակութիւն, նոր նուաստացում, նոր պարտութիւն, ինչ որ կարելի չէ թոյլ տալ: «Պարտութեան» կուսակցութիւնը չի կրնար խաղաղութիւն ու զարգացում բերել: Պարտութեան խորհրդանիշը չի՛ կրնար արժանապատուօրէն ներկայացնել մեր երկրին շահերը: Յանուն սեփական շահի ու աթոռի հազարաւոր մարդոց մահուան տարած մարդը չի՛ կրնար մեր պետութիւնը ղեկավարել: Պէտք է ձեւաւորել ազգային դիմադրութիւն եւ հասնիլ իշխանափոխութեան, որ մեր երկիրը այս վիճակէն դուրս բերելու, արժանապատիւ խաղաղութիւն ապահովելու, ընկերային–տնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու, մեր երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու նախապայմանն է: «Հայաստան» դաշինքը 8 Նոյեմբերին` ժամը 18:00-ին, հայրենի ժողովուրդը կը հրաւիրէ հանրահաւաքի Ազատութեան հրապարակ: Յարգելի՛ քաղաքացի, սա արժանապատուութեան ու դիմադրութեան կազմակերպման հանրահաւաք է: Եկո՛ւր Ազատութեան հրապարակ եւ քու մասնակցութեամբ ցոյց տուր, որ կը մերժես Հայաստանի թրքացումը, Արցախի հայաթափումը, իշխանաւորներուն գանձագողութիւնը, մեր երկրի հերթական պարտութիւնը: «Հայաստան» Դաշինք