Շա­բաթ, 30 Հոկ­տեմ­բե­րի յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը 1:30-ին, Բիւ­րա­կա­նի մէջ (Հա­յաս­տան) տե­ղի ու­նե­ցաւ ՀՄԸՄ-ի բա­նա­կա­վայ­րի ան­ուա­նա­կո­չու­թեան արա­րո­ղու­թիւն՝ ի յի­շա­տակ ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չութ-եան նախ­կին ատե­նա­պետ, վաս­տա­կա­շատ ՀՄԸՄ-ական Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եա­նի:
ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չութ-եան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ իրա­կա­նա­ցած այս արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գըտ-ն­ուե­ցան ՀՅԴ Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուր­եան, ՀՅԴ Ար­ցա­խի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ Դա­ւիթ Իշ­խան­եան, ՀՅԴ Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ան­դամ Բագ­րատ Եսայ­եան, իրենց լի­ա­գու­մար նիս­տե­րը Երե­ւա­նի մէջ կա­տա­րող ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ (նե­րառ­եալ Կեդր.Վար­չու­թեան Սուր­իոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մա­նուկ Քէ­օշ­կէր­եան), ՀՄԸՄ-ական­ներ, Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եա­նի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ, հա­րա­զատ­ներ եւ բա­րե­կամ­ներ:
Արա­րո­ղու­թեան բա­ցու­մը կա­տա­րե­լով՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Անու­շիկ Փա­նոս­եան նկա­տել տուաւ, որ Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եան տաս­նամ­եակ­ներ շա­րու­նակ նպաս­տած է հայ երի­տա­սար­դու­թեան ազ­գա­յին դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան: Իբ­րեւ հայ­կա­կան մար­զա­կան եւ սկաուտ­ա­կան մե­ծա­գոյն կազ­մա­կեր­պութ­եան՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ, ան աշ­խուժ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ ՀՄԸՄ-ի կա­ռոյց­նե­րու հիմ­նադր­ման եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան ծա­ւալ­ման մէջ: Անու­րա­նա­լի է անոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ ՀՄԸՄ-ի 100-ամ­եա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն իրա­կա­նաց­ման մէջ:
Փա­նոս­եան շեշ­տեց, որ Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եա­նի մա­հով սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնը եւ հա­մայն հա­յու­թիւնը կորսն­ցու­ցին ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ մը, որուն հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը հիմք հան­դի­սա­ցաւ մշ­տա­պէս վեր­ար­ժե­ւո­րե­լու ազ­գա­յին եւ պե­տա­կան մեր ար­ժէք­նե­րը:
Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Վա­չէ Նա­ճար­եան եւ յայտ­նեց, որ Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եա­նի վա­ղա­ժամ մահ­ուան առի­թով, Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եա­նի ըն­տա­նի­քին հետ հա­մա­խոր­հուրդ որո­շեց հիմ­նել ֆոնտ մը՝ միու­թե­նա­կան օգ­տա­կար եւ մնա­յուն ծրա­գի­րով մը յա­ւեր­ժաց­նե­լու հա­մար անոր յի­շա­տա­կը եւ միու­թե­նա­կան ժա­ռան­գը: Հե­տե­ւա­բար, ՀՄԸՄ-ի Բիւ­րա­կա­նի բա­նա­կա­վայ­րը Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եա­նի անու­նով կո­չե­լով եւ այդ ֆոն­տը յատ­կաց­նե­լով բա­նա­կա­վայ­րի բար­գա­ւաճ­ման ծրա­գիր­նե­րուն, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ իրա­կա­նաց­նել ո՛չ միայն բա­նա­կա­վայ­րին արդ­ի­ա­կա­նա­ցու­մը, այ­լեւ՝ նո­րու­թիւն­նե­րու յա­ւե­լու­մը անոր կա­ռոյ­ցին վրայ:
Վա­չէ Նա­ճար­եան հաս­տա­տեց, որ այս որո­շու­մը կը բխի այն նկա­տո­ղու­թե­նէն, որ Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եան մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած է բա­նա­կա­վայ­րի շի­նա­րա­րու­թեան եւ ըն­դար­ձակ­ման մէջ, նա­եւ՝ բա­նա­կա­վայ­րը լա­ւա­գոյն տեղն է ՀՄԸՄ-ական մար­դու­ժի պատ­րաս­տութ­եան, որուն ամ­րօ­րէն կը հա­ւա­տար Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եան՝ գի­տակ­ցե­լով, որ այս բա­նա­կա­վայ­րը երկ­րորդ տու­նը կը հան­դի­սա­նայ իւ­րա­քան­չիւր ՀՄԸՄ-ական սկաու­տի: Բա­նա­կա­վայր մը, ուր մեր նոր սե­րուն­դի զա­ւակ­նե­րը իրենց ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնը կը կեր­տեն Արա­գա­ծի լան­ջե­րուն՝ իրենց հայ­եացք­նե­րը ուղ­ղե­լով դէ­պի սր­բա­զան լե­րան գա­գա­թը, որ կը մարմ­նա­ւո­րէ Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եա­նի միու­թե­նա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան հա­մո­զու­մը եւ կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տան­քին առանց­քը:
Այս առի­թով, Մկր­տիչ­եան ըն­տա­նի­քին անու­նով խօսք առաւ Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եա­նի զա­ւա­կը՝ Նժ­դեհ Մկր­տիչ­եան, որ յայտ­նեց, թէ ինը ամիս­ ետք տա­կա­ւին դժ­ուար եւ ան­կա­րե­լի է ըն­դու­նիլ անոր բա­ցա­կա­յու­թիւնը իրենց կեան­քէն ներս: Եւ այ­սօր ա՛լ աւե­լի դժ­ուար է գտն­ուիլ հոս, շր­ջա­պատ­ուած ՀՄԸՄ-ական­նե­րով եւ զգալ, նկա­տել անոր բա­ցա­կա­յու­թիւնը եւ իր մա­սին խօ­սիլ անց­եալ եղա­նա­կով: Ծանր է իրա­կա­նու­թիւնը, իսկ աւե­լի ծանր՝ անոր հա­մա­կեր­պի­լը:
Իր հօր մա­սին վկա­յու­թիւն­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով՝ Նժ­դեհ Մկր­տիչ­եան յայտ­նեց, որ կա­րե­լի չէ չյի­շել Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եա­նի մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւնը այս բա­նա­կա­վայ­րին մէջ, առն­ուազն վեր­ջին 10 տա­րի­նե­րուն: Կա­րե­լի չէ չյի­շել այս բա­նա­կա­վայ­րին ըն­դար­ձակ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը, 100-ամ­եա­կի ձեռ­նարկ­նե­րը, բա­նա­կու­մը… Կա­րե­լի չէ չյի­շել ընդ­հան­րա­պէս անոր կապ­ուա­ծու­թիւնը այս միու­թեան, անոր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, ծրա­գիր­նե­րը, միտ­քե­րը, աշ­խա­տանք­նե­րը, որոնք եր­բեմն դուրս գա­լով միու­թե­նա­կան կեան­քէն մաս կը կազ­մէ­ին իր անձ­նա­կան կեան­քին:
Առի­թը պա­տեհ նկա­տե­լով՝ Նժ­դեհ Մկր­տիչ­եան շնոր­հա­կա­լու­թեան խօսք յայտ­նեց ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան՝ այս գե­ղե­ցիկ նա­խա­ձեռ­նու­թեան մտայ­ղաց­ման եւ իրա­կա­նաց­ման հա­մար: Նա­եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց այն բո­լոր ՀՄԸՄ-ական­նե­րուն, որոնք ըն­տա­նի­քին հետ եղան, յի­շե­ցին, յար­գե­ցին ու կը շա­րու­նա­կեն վառ պա­հել Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եա­նի յի­շա­տակ­նե­րը եւ կը շա­րու­նա­կեն ու պի­տի շա­րու­նա­կեն անոր աշ­խա­տանք­նե­րը՝ իրա­կա­նաց­նե­լով անոր ակա­մայ անա­ւարտ ձգած գործն ու ծրա­գիր­նե­րը:
Խօս­քե­րու աւար­տին, Գառ­նիկ Մկր­տիչ­եա­նի անու­նը կրող սկաու­տա­կան բա­նա­կա­վայ­րի յու­շա­քա­րին օրհ­նու­թիւնը կա­տա­րեց եւ անոր յի­շա­տա­կին աղօթք ար­տա­սա­նեց Բիւ­րա­կա­նի Ս. Յով­հան­նէս եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Վր­թա­նէս Քհնյ. Պա­ղալ­եան:
Արա­րո­ղու­թիւնը փակ­ուե­ցաւ «Յա­ռաջ նա­հա­տակ» քայ­լեր­գի խմ­բեր­գու­մով: