Թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան աճա­պա­րան­քը Ար­ցա­խի բռ­նագ­րաւ­ուած Վա­րան­դա քա­ղա­քին մէջ օդա­կա­յա­նի բաց­ման, Շու­շին թր­քա­կան մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի վե­րած­ման կ’ըն­կե­րակ­ցի 9 Նո­յեմ­բե­րի նա­խօ­րէ­ին Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հին կող­մէ հայ-թր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մեր­ձեց­ման ծա­նօթ նա­խա­պայ­մա­նին կրկ­նու­մով, միւս կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հին կող­մէ Հա­յաս­տա­նին վրայ յա­ւել­եալ ճն­շու­մի բա­նե­ցու­մով՝ պատ­ժա­մի­ջոց­ներ, հայ գե­րի­նե­րու ահա­բե­կիչ ան­ուա­նում… եւ այլն:
Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հին խօս­քով, եթէ Հա­յաս­տան  Ատր­պէյ­ճա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լու ան­կեղծ կամք դր­սե­ւո­րէ, Թուրք­իոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման որե­ւէ խո­չըն­դոտ չի մնար:
Սահ­ման­նե­րու եր­կուս­տէք ճա­նաչ­ման գծով Էր­տո­ղա­նի նա­խա­պայ­մա­նը միայն Ատր­պէյ­ճա­նին չ’առնչ­ուիր, այ­լեւ՝ Թուրք­իոյ մտա­վա­խու­թիւն­նե­րուն:  Մին­չեւ Հա­յաս­տան պաշ­տօ­նա­պէս չճանչ­նայ այդ եր­կիր­նե­րուն հետ իր սահ­ման­նե­րը, այդ սահ­ման­նե­րը եւ նշ­եալ եր­կիր­նե­րու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը օրի­նա­կան չեն հա­մար­ուիր:
Ի զուր չէ, որ Ալի­եւ հապ­ճե­պով բռ­նագ­րաւ­ուած Ար­ցա­խի տա­րածք­նե­րուն մէջ կը կա­ռու­ցէ օդա­կա­յան­ներ, ճամ­բա­ներ, կա­մուրջ­ներ, նո­րո­գե­լու պատր­ուա­կով կը փո­խէ եկե­ղե­ցի­նե­րու դի­մա­գի­ծը, քան­դել կու տայ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին կո­թող­ներ եւ այլն: Այս բո­լո­րը՝ Ար­ցա­խի հայ­կա­կան դի­մա­գի­ծին կա­րե­լի եղած փութով ոչն­չաց­ման նպա­տա­կով, նախ­քան 9 Նո­յեմ­բե­րի ստո­րագ­րու­թիւնը գետ­նի վրայ իրա­կա­նու­թիւն­ներ փո­խե­լու եւ հայ­կա­կան կող­մին զի­ջում­ներ պար­տադ­րե­լու:
Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րը փաս­տօ­րէն կը հաս­տա­տեն, որ միայն Հա­յաս­տա­նի ստո­րագ­րու­թիւնը ստա­նա­լու պա­րա­գա­յին կա­րե­լի կ’ըլ­լայ այդ հո­ղե­րուն ոչ-հայ­կա­կան ըլ­լա­լը հաս­տա­տել ու գրա­ւել Ար­ցա­խը, աւե­լին՝ հաս­տա­տել Կար­սի դաշ­նագ­րին օրի­նա­կա­նու­թիւնը՝ Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան ստո­րագ­րու­թեամբ, վերջ­նա­կա­նա­պէս խլե­լով Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րուն՝ Ար­ցա­խի, Նա­խի­ջե­ւա­նի, Կար­սի ու Արա­րա­տի տի­րա­նա­լու իրա­ւուն­քը, Կար­սի 100-ամ­եայ պայ­մա­նագ­րութ­եան ժամ­կէ­տի աւար­տին:
Վեր­լու­ծա­բան­ներ այլ պատ­ճառ­ներ ալ կը ներ­կա­յաց­նեն Հա­յաս­տա­նի պար­տու­թե­նէն ետք Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ Թուրք­իոյ դե­րա­կա­տա­րու­թեան աշ­խու­ժաց­ման վե­րա­բեր­եալ:
Պա­տա­հա­կան չէ, որ Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հը ամէն պա­տեհ առի­թի կը յի­շեց­նէ, որ իր երկ­րին աջակ­ցու­թիւնը Ատր­պէյ­ճա­նին վճ­ռո­րոշ դեր ու­նե­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի յաղ­թա­նա­կին մէջ: Թուրք­ի­ան կը ձգ­տի ստա­նալ յաղ­թա­նա­կի դափ­նի­նե­րը՝ նախ Ատր­պէյ­ճա­նը ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն իր­մէ կախ­եալ պա­հե­լով, ապա նա­եւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սը՝ այն­տեղ աս­տի­ճա­նա­բար տկա­րաց­նե­լով ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը:  Այս է պատ­ճա­ռը նա­եւ, որ Թուրք­ի­ան  Ար­ցա­խի հար­ցի լուծ­ման եւ Զան­գե­զու­րի մի­ջանց­քի ձեռք­բեր­ման հա­մար 3+3 ձե­ւա­չա­փը կը ձգ­տի իրա­կա­նաց­նել, նախ՝ ետ մղե­լու ԵԱՀԿ Մինս­քի դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը Ար­ցա­խի հար­ցի կար­գա­ւոր­ման մէջ, երկ­րորդ՝ այս ձե­ւա­չա­փով եր­թու­ղի­նե­րու թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բե­մագ­րու­թիւնը  իրա­կա­նա­ցած տես­նե­լու: Այ­սինքն՝ Թուրք­իոյ Նա­խի­ջե­ւա­նի եւ Սիւ­նի­քի ճամ­բով Ատր­պէյ­ճան հաս­նե­լու եւ փան­թուր­քա­կան հե­ռա­հար ծրա­գիր­նե­րու ճամ­բան բա­նա­լով:
Թր­քա­կան այս յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նա­բար կր­նան խո­րաց­նել տա­րա­ծաշր­ջա­նի ու­ժե­րու հա­կադ­րու­թիւնը: Իրա­նը, զո­րօ­րի­նակ, հա­մա­ձայն ըլ­լա­լով 3+3 ձե­ւա­չա­փին, դէմ է Զան­գե­զու­րի մի­ջանց­քի բա­ցու­մին, որով­հե­տեւ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան գոր­ծօ­նի աշ­խու­ժա­ցու­մը պի­տի տկա­րաց­նէ Իրա­նի ազ­դե­ցու­թիւնը:
Ռու­սա­կան կող­մը եւս, որոշ տե­ղեր մի­ա­նա­լով մէկ­տեղ թուրք-ատըր­պէյ­ճա­նա­կան գոր­ծօ­նին, զգու­շու­թեամբ կը վե­րա­բե­րի Թուրք­իոյ Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս թա­փան­ցու­մին՝ հայ-ռու­սա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւնը խո­րաց­նե­լու հա­կակշ­ռու­մով:
Մինչ­դեռ Վրաս­տան այն­քան ալ հա­մա­ձայն չի թուիր ըլ­լալ այս ձե­ւա­չա­փին, նկա­տի ու­նե­նա­լով Ռուս­իոյ հետ իր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը: Թուրք­ի­ան սա­կայն կը փոր­ձէ լծակ­ներ որո­նել հա­մո­զե­լու Վրաս­տա­նը եւս:
3+3՝ Հա­յաս­տան, Վրաս­տան, Ատր­պէյ­ճան + Թուրք­իա, Ռուս­իա, Իրան ձե­ւա­չա­փէն դուրս կը մնայ Արեւ­մուտ­քը: Ուս­տի Հա­յաս­տան թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րուն դէմ տե­ղի տա­լու փո­խա­րէն ամէն ջանք ի գործ դնե­լու է արեւ­մուտ­քի դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը եւս պա­հե­լու եւ Իրան-Ռուս­իա-Հա­յաս­տան գոր­ծակ­ցու­թիւնը ամ­րապն­դե­լու, մի­ա­ժա­մա­նակ խօ­սե­լով այս հար­ցե­րու քն­նարկ­ման մէջ Ար­ցա­խի ներգ­րաւ­ման ու Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կին մա­սին:
Այ­լա­պէս 9 Նո­յեմ­բե­րին ճամ­բա­նե­րու ապաշր­ջա­փակ­ման պի­տա­կին տակ ստո­րագր­ուե­լիք պայ­մա­նագ­րու­թիւնը ոչ միայն Հա­յաս­տա­նը պի­տի չփր­կէ զինք շր­ջա­փա­կող եր­կիր­նե­րու ազ­դե­ցու­թե­նէն, այ­լեւ անոնց լա­րած ծու­ղա­կին մէջ պի­տի գլո­րէ զայն վերջ­նա­կա­նօ­րէն: