Վեր­ջին քա­նի մը օրե­րու հայ­կա­կան մեր կեան­քը յու­զող, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը փո­թոր­կող զար­գա­ցում­նե­րը կու գան հաս­տա­տե­լու մէկ իրա­կա­նու­թիւն՝ դա­րեր շա­րու­նակ պայ­քա­րող հա­յու­թեան կեան­քը կր­կին սպառ­նա­լիք­նե­րու դէմ յան­դի­ման կանգ­նած է: Այ­դու­հան­դերձ, պատ­մու­թեան վեր­լու­ծու­մը աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով, հա­մա­հայ­կա­կան մասշ­տա­պով մեր ազ­գա­յին իրա­ւունք­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու գործ­նա­կան քայ­լե­րու նա­խա­ձեռ­նե­լով, դի­մադ­րո­ղա­կան ամ­րա­կուռ վա­հան մը ստեղ­ծե­լու կա­րե­լիու­թիւնը երե­ւե­լի կր­նայ ըլ­լալ:
Հա­յաս­տանն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին մէ­կէ աւե­լի ան­գամ­ներ պա­տե­րազ­մած են ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րու դէմ: Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րը այդ ան­հա­ւա­սա­րու­թիւնը կը դնեն ոչ միայն ծախ­սա­լից զի­նամ­թեր­քի ու զի­նուոր­նե­րու թիւի մա­կար­դա­կին վրայ, այ­լեւ ռազ­մա­կան ճար­տա­րա­գի­տու­թեան զար­գա­ցու­մին վրայ:
Ան­կախ հայ­րե­նիք ու­նե­նա­լով մեր ազ­գը, սփիւռք­եան իր զանգ­ուած­նե­րով մէկ­տեղ, որո­շա­կի կա­յու­նու­թիւն մը ապ­րե­ցաւ ու քա­ղա­քա­կան բե­մին վրայ երե­ւիլ սկ­սան Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ձեռք­բե­րում­նե­րը:
Աւան­դա­կան սփիւռ­քի սե­րունդ­ներ տա­րի­ներ շա­րու­նակ պայ­քա­րե­ցան դուրս գա­լու հայ­րե­նիք որո­նե­լու իրենց մղ­ձա­ւան­ջէն ու Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խու­թեամբ իրենց իղ­ձե­րու մարմ­նա­ւո­րու­մը սկ­սան տես­նել հայ­րե­նի­քի թէ­կուզ մէկ բա­ժի­նին մէջ: Ար­ցա­խի ազա­տագ­րու­մը եւս հո­գե­փո­խեց մեր ազ­գը, սա­կայն, ցա­ւօք, ժա­մա­նա­կին ու դրա­ցի յար­ձա­կո­ղա­պաշտ եր­կիր­նե­րուն զօ­րա­նա­լու ճի­գե­րը տես­նե­լով մար­տա­վա­րա­կան բա­ւա­րար քայ­լեր չառն­ուե­ցան մեր բա­նակն ու ժո­ղո­վուր­դը եւս զօ­րաց­նե­լու հա­մար:
Մեր թե­րու­թիւն­նե­րուն մաս կը կազ­մէր նա­եւ կր­թու­թեան հար­ցը: Հայ­րե­նի­քի մէջ ազ­գա­յին գոյն կրող կր­թա­կան զար­գա­ցած հա­մա­կար­գի մը բա­ցա­կա­յու­թիւնը, հա­ւա­նա­բար, դիւա­նա­գի­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, զի­նուո­րա­կան զար­գա­ցու­մը քայլ մը ետ պա­հեցին մեր եր­կի­րը զօ­րա­ցող եր­կիր­նե­րու սրըն­թաց զար­գա­ցու­մէն:
Ար­տա­քին ազ­դակ­ներն ալ ու­նե­ցան իրենց դե­րը, սա­կայն, տա­րած­քով փոքր ու ծո­վա­յին ելք չու­նե­ցող երկ­րի մը հա­մար էա­կան էր ներ­քին զօ­րու­թիւնն ու գի­տակր­թա­կան հա­մա­կար­գի, մտա­ւոր ու­ժի զար­գա­ցու­մը:
Անց­նող տա­րի­նե­րուն հն­չող Ար­ցախ-Հա­յաս­տան-Սփիւռք եռամ­ի­աս­նու­թիւնը լօ­զունք մը չէր պար­զա­պէս: Այդ մի­աս­նու­թեան ար­դիւն­քը տե­սանք թէ­եւ, սա­կայն այդ մի­աս­նու­թիւնը լի­ի­րաւ ու­ժի չվե­րա­ծե­ցինք մար­տա­վա­րա­կան առա­ջադ­րանք­նե­րով, այլ բա­ւա­րար­ուե­ցանք պա­րա­գա­յա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով, առիթ­նե­րու եւ պա­հանջ­նե­րու լոյ­սին տակ միայն այդ ուղ­ղու­թեամբ մտա­ծե­լով:
Մինչ­դեռ այդ մի­աս­նու­թիւնը մար­մին է, էու­թիւն է, կա­մուրջ է մեր մի­ջեւ: Այդ ոգե­ղէն կա­մուրջն էր, որ մղեց հա­լէ­պա­հայ երի­տա­սարդ­նե­րը մեկ­նե­լու Ար­ցախ, իրենց ար­մատ­նե­րուն պահ­պան­ման հա­մար կռ­ուե­լու, որո­նե­լու իրենց էու­թիւնը հո­ղին պաշտ­պա­նու­թեամբ: Անոնց մեկ­նու­մը պար­զա­պէս կռ­ուե­լու մղու­մով չէր, անոնք իրենց ար­մատ­նե­րու որոն­ման ար­շաւն էր որ կը շա­րու­նա­կէ­ին, հո­գե­կան իրենց ան­դոր­րու­թիւնը գտ­նե­լու հա­մար հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րին ան­շէջ աւիշ կու տա­յին ու անով իսկ զօ­րա­ցած կ’ու­զէ­ին ար­ժե­ւո­րել իրենց էու­թիւնը, ազ­գի մը պատ­կա­նե­լու իրենց հա­մո­զու­մը:
Հա­լէ­պի Ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ Ար­ցա­խի մէջ նա­հա­տակ­ուած հա­լէ­պա­հայ հե­րոս­նե­րուն նուիր­ուած յու­շա­կո­թո­ղը այդ եռամ­ի­աս­նութ­եան յու­շա­րա­րը պի­տի մնայ առ­յա­ւէտ:
Նոյն տեն­չե­րով, նոյն տագ­նա­պով Երե­ւա­նի հրա­պա­րա­կին մէջ կը վերսկ­սի հայ­կա­կան դի­մադ­րու­թեան շար­ժու­մը՝ մեր­ժե­լու մեր ազ­գա­յին ձեռք­բե­րում­նե­րը վատ­նե­լու փոր­ձե­րը, տի­րու­թիւն ընե­լու ան­կախ ու ինք­նիշ­խան հայ­րե­նիք ու­նե­նա­լու մեր հա­ւատ­քին:
Այդ հա­ւատ­քը կ’ապ­րի իւ­րա­քան­չիւր հա­յու մէջ, ուր ալ ապ­րի, ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ինչ­պի­սի՞ դժ­ուա­րու­թիւն­ներ ալ դի­մագ­րա­ւէ ան:
Այդ հա­ւատ­քի չքա­ցու­մով միայն կը սկ­սի մեր ազ­գո­վին թա­ւալգ­լոր ան­կու­մը, ան­տար­բե­րու­թեան դր­սե­ւո­րու­մով միայն կը տկա­րա­նանք, կը յու­սա­հա­տինք, կը տար­ուինք այ­լա­սեր­ման սին երե­ւոյթ­նե­րով:
Դի­մադ­րու­թեան այս շար­ժու­մը, որ ծա­ւա­լե­լով կը ստա­նայ նա­եւ հա­մա­հայ­կա­կան բնոյթ, այդ հա­ւատ­քը ամէն գնով պա­հե­լու եւ այդ հա­ւատ­քէն պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան ծնունդ տա­լու մար­տահ­րա­ւէր է՝ ան­կախ թէ քա­նի ճա­կա­տա­մարտ կորսն­ցու­ցած ենք, քա­նի ճա­կա­տա­մար­տէ յաղ­թա­կան դուրս եկած: