17-18 Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, Երե­ւա­նի «Արամ Մա­նուկ­եան» կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՀՅԴ մամ­լոյ խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ ի մի բե­րաւ Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Սփիւռ­քի մէջ գոր­ծող խմ­բա­գիր­ներն ու մամ­լոյ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը՝ քն­նար­կում­ներ կա­տա­րե­լու, կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­լու եւ նոր առա­ջարկ­նե­րով ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տե­լա­ոճ որ­դեգ­րե­լու:
Խորհր­դա­ժո­ղո­վը քն­նեց մա­մու­լի ար­դի հաս­կա­ցու­թիւնն ու ըն­թեր­ցող-գրող փո­խազ­դե­ցու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից մի­ջոց­նե­րը: Լու­սար­ձա­կի տակ առն­ուե­ցան ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան ու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ու­ղե­գի­ծին ժո­ղո­վուր­դի լայն խա­ւե­րուն մատ­չե­լի ոճով հա­սա­նե­լի դարձ­նե­լու մի­ջոց­նե­րը:
Կա­րե­ւո­րու­թեամբ ար­ձա­նագր­ուե­ցաւ, որ ՀՅԴ մա­մու­լը, ու­նե­նա­լով հա­մաշ­խար­հա­յին ցանց, բա­նա­վէ­ճի եւ կա­ռու­ցո­ղա­կան քն­նա­դա­տու­թեան բե­մա­հար­թակ դառ­նա­լու պար­տա­ւո­րու­թիւնը կը կրէ, որով­հե­տեւ ոչ թէ ան­պատ­շաճ, հայ­հո­յա­խառն, այլ՝ առողջ բա­նա­վէ­ճը կա­րե­լիու­թիւն կը ստեղ­ծէ հայ քա­ղա­քա­կան մտ­քի զար­գաց­ման եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու շուրջ տար­բեր տե­սա­կէտ­նե­րու փո­խա­նակ­ման, ինչ որ այն­քան կա­րե­ւոր է հայ­կա­կան լրա­տու­ադաշ­տին մէջ այս օրե­րուն յատ­կա­պէս, երբ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը դի­մագ­րա­ւէ գո­յու­թե­նա­կան վտանգ­ներ հայ­րե­նի­քի մէջ, թէ Սփիւռ­քի:
Առան­ձին ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ երի­տա­սար­դու­թեան մօտ քն­նա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն ձե­ւա­ւո­րե­լու եւ կարճ ու հասկ­նա­լի ոճով անոր հրամց­նե­լու ազ­գա­յին հար­ցեր ար­ծար­ծող ու հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն ձե­ւա­ւո­րող մատ­չե­լի յօդ­ուած­ներ: Կա­րե­ւոր հա­մար­ուե­ցաւ երի­տա­սարդ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեան ոգի­ին թափ տա­լու, հայ մա­մու­լին մէջ անոր ոճին ու մտա­ծե­լա­կեր­պին հա­մա­պա­տաս­խան ազատ դաշտ բա­նա­լու հրա­մա­յա­կա­նը:
Խորհր­դա­ժո­ղո­վը քն­նա­կան մօ­տե­ցու­մով ար­ծար­ծեց հայ­կա­կան տե­ղե­կատ­ուա­կան դաշ­տի անվ­տան­գու­թեան եւ ապա­տե­ղե­կատ­ուա­կան ար­շաւ­նե­րուն դէմ ան­բա­ւա­րար աշ­խա­տան­քի բաց­թո­ղում­նե­րը, որուն կող­քին քա­րոզ­չա­կան դաշ­տի յատ­կա­պէս օտար մա­մու­լին մէջ անն­շան մնա­ցած ըլ­լա­լու իրո­ղու­թիւնը եւ այս իմաս­տով հարկ հա­մա­րեց օտա­րա­լե­զու լրա­տուու­թեան զար­գաց­ման նպաս­տող մի­ջոց­նե­րու որ­դեգ­րու­մը, օգտ­ուե­լով յատ­կա­պէս ՀՅԴ լրատ­ուա­կան հա­մա­հայ­կա­կան  ցան­ցէն, ինչ­պէս նա­եւ օտար լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու մէջ գոր­ծող հայ լրագ­րող­նե­րու փոր­ձա­ռու­թե­նէն:
Լեզ­ուա­կան հար­ցե­րը եւս տեղ գտան խորհր­դա­ժո­ղո­վի օրա­կար­գե­րուն մէջ, եւ հարկ հա­մար­ուե­ցաւ զերծ մնալ աղա­ւաղ­ուած հա­յե­րէ­նի օգ­տա­գոր­ծու­մէն, աս­տի­ճա­նա­բար ձեր­բա­զա­տե­լով ոճա­յին եւ լեզ­ուա­կան օտա­րա­մուտ եզ­րե­րէն:
Շեշ­տադր­ուե­ցաւ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի հա­յան­պաստ լուծ­ման, ինչ­պէս նա­եւ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան, ինք­նիշ­խա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րու յաղ­թա­հար­ման ճամ­բուն դաշ­նակ­ցա­կան հրա­պա­րա­կա­գի­րին, խմ­բա­գի­րին քա­րոզ­չա­կան առա­քե­լու­թիւնը, եւ վեր­ջա­պէս Սփիւռ­քի տար­բեր շր­ջան­նե­րու հար­ցե­րու ար­ծարծ­ման եւ լու­ծում­նե­րու առա­ջադր­ման պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը:
Խորհր­դա­ժո­ղո­վը քն­նեց նա­եւ հայ­րե­նի մա­մու­լին հետ գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը, յատ­կա­պէս նկա­տի ու­նե­նա­լով ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մէն ետք երե­ւան եկած մտա­հո­գիչ զար­գա­ցում­ներն ու անոնց քա­րոզ­չա­կան տար­բեր ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը:
Խորհր­դա­ժո­ղո­վը առիթ հան­դի­սա­ցաւ տար­բեր շր­ջան­նե­րու մէջ կի­րար­կուող լրատ­ուա­կան մե­քա­նիզմ­նե­րու քն­նարկ­ման, հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու  սահ­ման­ման, արդ­ի­ա­կա­նաց­ման մի­ջոց­նե­րու որոն­ման, երի­տա­սարդ­նե­րու ներգ­րաւ­ման եւ կարճ ժամ­կէ­տե­րով իրա­կա­նա­նա­լի ծրա­գիր­նե­րու որ­դեգր­ման՝ մեր լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րը դարձ­նե­լու ոչ միայն լրա­տուու­թեան աղ­բիւր­ներ, այ­լեւ Դաշ­նակ­ցու­թեան բարձ­րա­գոյն ժո­ղով­նե­րու որո­շում­նե­րուն լու­սա­բան­ման հար­թակ­ներ, քն­նա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն խթա­նող, ազ­գա­յին ար­ժէք­ներ պահ­պա­նող ազ­դակ­ներ: