Հա­յոց Մեծ Եղեռ­նին ու զայն կան­խող արիւ­նա­լի տա­րի­նե­րուն տե­ղա­հան­ուած ու տա­րագր­ուած աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան հա­մար ներ­կայ Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցախն ու բռ­նագ­րաւ­ուած արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նը հա­մար­ուած են ոչ միայն հայ­րե­նի­քի տա­րածք­ներ, այ­լեւ սր­բա­վայ­րեր:
Սփիւռ­քի մէջ, մեր հա­յոր­դի­նե­րը, զրկ­ուած հայ­րե­նի­քէն, իրենց տու­նե­րը, վար­ժա­րան­նե­րը, ակումբ­ներն ու եկե­ղե­ցի­նե­րը հա­մա­րած են իրենց կորսն­ցու­ցած հայ­րե­նի­քը, հե­տե­ւա­բար սփիւռ­քա­հա­յը խո­րին եր­կիւ­ղա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րած է անոնց նկատ­մամբ, զա­նոնք սր­բա­վայ­րեր հա­մա­րե­լով…
Յա­ճախ այդ ապ­րու­մը, որ բնազ­դի վե­րած­ուած ըլ­լալ կը թուի, բիւ­րա­ւոր­ներ մղած է կառ­չած մնա­լու հայ­րե­նի­քին. այդ­պէս էր օրի­նակ 1947-ի ներ­գաղ­թի երե­ւոյ­թը, երբ հա­յեր ան­վա­րան մեկ­նե­ցան «զարն­ուած ու զրկ­ուած, որ­բի ու սու­գի հայ­րե­նիք»… առանց գիտ­նա­լու թէ ո՛ւր կ’եր­թան, ու մէկ կա­րե­ւոր մաս­սա­յին վախ­ճա­նա­կան «հայ­րե­նի­քը» եղաւ հե­ռա­ւոր Սի­պեր­ի­ան, ու­րիշ­ներ մատն­ուե­ցան ծայ­րա­յեղ թշ­ուա­ռութ­եան:
Քսա­նե­րորդ դա­րու 60-ական թէ 70-ական տա­րի­նե­րուն, Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­մե­մա­տա­կան ազա­տու­թեան պատ­րան­քը շա­տե­րը մղեց հայ­րե­նի­քի կա­րօ­տը յա­գեց­նե­լու զբօ­սաշր­ջու­թեան պի­տա­կով: Անոնք այդ մղու­մին՝ հայ­րե­նի­քին հան­դէպ հե­տաքրք­րու­թեան այդ ապ­րու­մին, ինք­նա­խա­բէ­ու­թեամբ «հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն» մակ­դի­րը տուին:
Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք, Ար­ցա­խի գո­յա­պայ­քա­րի ու ազա­տագ­րու­թեան մար­տե­րը եկան վե­րո­յիշ­եալ ապ­րում­նե­րը յաղ­թա­նա­կի դափ­նի­նե­րով պսա­կե­լու, ան­շուշտ ի գին հա­զա­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րու:
Ան­կա­խու­թեան 30 տա­րի­նե­րը եղան փշոտ ու տա­տաս­կոտ: Հայ­րե­նա­շի­նու­թեան եր­թը յա­ճախ խա­թար­ուե­ցաւ լու­սա­հան­գում­նե­րով, հայ­րե­նի­քի են­թա­կա­ռոյ­ցի «ալան-թա­լա­նով», մե­ծա­թիւ ար­տա­գաղ­թով, պա­տե­րազմ, թէ խա­ղա­ղու­թիւն (անձ­նա­տուու­թի՞ւն) ծակ-փի­լի­սո­փա­յու­թեամբ, «ֆութ­պո­լա­յին» դիւա­նա­գի­տու­թեամբ… եւ մա­սամբ նո­րին:
Զորն ասեմ, զորն խոս­տո­վա­նիմ:
Սո­վե­տա­կան, մարքս-լե­նին­եան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը եօ­թա­նա­սուն տար­ուան ըն­թաց­քին բա­րո­յալ­քած ու այ­լա­սե­րած էր շա­տե­րը: Եւ այս­պէս՝ Ղա­րա­բաղ­եան Շար­ժու­մի, ապա ու­րիշ ալիք­նե­րու վրայ խու­սա­նա­ւե­լով, շա­տեր հա­սան նո­րան­կախ հայ­րե­նի­քի իշ­խա­նու­թեան, անոր գա­գա­թին ու գա­գաթ­նա­կէ­տին եւ գոր­ծե­ցին «մտ­քի-փայ­լա­տա­կում­նե­րով» (Յի­շե­ցէ՛ք Պլէ­եան կոչ­ուա­ծը, ական­ջը խօ­սի Օտ­եա­նի «Ըն­կեր Փան­ջու­նի»ին) եւ յա­ճախ հայ­րե­նի­քի կեր­տու­մի ճա­նա­պար­հը լի դար­ձաւ փո­սե­րով ու վի­հե­րով. ան՝ հայ­րե­նի­քը, մա­զա­պուրծ դուրս եկաւ այդ վի­հերն ի վար գլ­տո­րե­լու վտան­գէն, մին­չեւ որ հա­սանք 2018-ի այս­պէս կոչ­ուած «յե­ղա­փո­խու­թեան» փուլ (իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն, բռ­նա­փո­խու­թիւն…) եւ մար­դիկ հա­սան այն­տեղ, գա­գաթ­նե­րուն, դարձ­եալ ըն­կե­րա-տն­տե­սա­կան մեծ բաց­թո­ղում­նե­րու ալի­քին վրայ…
Սե­ւի ու ճեր­մա­կի, աս­ֆալ­տին փռե­լու,… ու չեմ գի­տեր ին­չի «յե­ղա­փո­խու­թեան», պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան ու պա­տա­հա­կա­նու­թեանց վրայ խարսխ­ուած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը հայ­րե­նի­քը հաս­ցուց 2020-ի 44-օր­եայ անձ­նա­տուու­թեան պա­տե­րազ­մի դառն իրա­կա­նու­թեան:
Անց­նող տաս­նամ­եա­կին բախ­տը ու­նե­ցած եմ քա­նիցս այ­ցե­լե­լու հայ­րե­նիք: Ան­շուշտ այն­տե­ղէն տուն՝ Քե­սապ կը վե­րա­դառ­նա­յի լից­քա­ւոր­ուած նոր ապ­րում­նե­րով, հո­գե­պէս վե­րա­նո­րոգ­ուած…
Քե­սապ՝ ծնն­դա­վայրս, որ­պէս պատ­մա­կան Կի­լիկ­իոյ վեր­ջին բե­կոր, որ­քան ալ հայ­րե­նիք նկա­տեմ, Հա­յաս­տա­նի համն ու հո­տը տար­բեր են, մար­դուս մէջ տար­բեր ազ­գա­յին ապ­րում­ներ կը շեշ­տադ­րեն: Վեր­ջա­պէս Հա­յաս­տան հա­յե­րուս հա­մար կը սեպ­ուի ազ­գիս փո­թոր­կոտ կեան­քի վեր­ջին փու­լը, խա­ղաղ նա­ւա­հան­գիս­տը…
Յա­ջո­ղած էի զա­ւակ­ներս խարս­խել այն­տեղ:
Սա­կայն վեր­ջին այ­ցե­լու­թիւնս (Հոկ­տեմ­բեր 2021) եղաւ Ար­ցա­խի 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին ու պար­տու­թեան ճն­շող, դառն իրա­կա­նութ­եան տակ:
Հայ­րե­նի­քի մէջ, եռաբ­լու­րի մէջ ալ, ար­դէն ու­նէի բիւ­րա­ւոր հա­րա­զատ­ներ, որոնք այն­տեղ կը նն­ջէ­ին յա­ւի­տե­նա­կան քու­նով:
Նա­խորդ տա­րի­նե­րուն, Եռաբ­լուր այ­ցե­լու­թիւն­ներս, հա­կա­ռակ ճն­շող ապ­րում­նե­րով յա­գե­ցած ըլ­լալ­նուն, իւ­րա­յատ­կու­թիւն մը ու­նէ­ին:
Յաղ­թա­նա­կի, ազատ Ար­ցա­խի, հայ­րե­նա­կեր­տու­մի… ապ­րում­նե­րը կը խառն­ուէ­ին նա­հա­տակ­նե­րուն մար­տի­րո­սաց­ման թա­խի­ծին հետ:
Եռաբ­լու­րը ու­նէր յաղ­թա­նա­կի «քաղցր», թախ­ծոտ դի­մա­գիծ, համ ու հոտ:
Սա­կայն այս վեր­ջին այցս շատ տար­բեր էր նա­խորդ­նե­րէն:
Ար­ցախ-հայ­րե­նիք այ­ցե­լած էի 2019-ին ու տե­սած-վա­յե­լած անոր պայ­ծառ ու զուարթ քա­ղաք­նե­րը, գիւ­ղե­րը, ան­դունդ­ներն ու ձո­րե­րը, լու­սա­պայ­ծառ Շու­շին, որոնք կար­ծես եկած ու նն­ջած էին Եռաբ­լու­րի մէջ, հոն թաղ­ուած հա­զա­րա­ւոր նոր նա­հա­տակ­նե­րուն շի­րիմ­նե­րուն մէջ:
Ար­ցա­խի կորսն­ցու­ցած եր­կու-եր­րոր­դը, 5000-է աւե­լի նա­հա­տակ­նե­րը, աւե­լի քան բեկ­ուած ու հաշ­ման­դամ դար­ձած 12 հա­զար երի­տա­սարդ­նե­րը, ան­շի­րիմ զի­նուոր­նե­րը, գե­րի­նե­րը… ամէ­նը Եռաբ­լու­րի մէջ կար­ծես թաղ­ուած էին: Եւ այդ թա­խի­ծի սր­տաճմ­լիկ ապ­րու­մը, բռ­նագ­րաւ­ուած Արա­րատ լե­րան ծան­րու­թեամբ կը ճն­շէր սր­տիս:
Ին­ծի կը թուէր, որ խոմ հայ ազ­գը այն­տեղ թաղ­ուած էր:
Կը փնտ­ռէի, սուր­ի­ա­կան սփիւռ­քէն, Հա­լէ­պի հա­յա­շատ թա­ղե­րու պաշտ­պա­նու­թեան մար­տե­րուն մէջ կոփ­ուած ու Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան մար­տե­րուն, «Իմաց­եալ մա­հով» Ար­ցա­խին հա­մար նա­հա­տակ­ուած երեք հե­րոս­նե­րուն շի­րիմ­նե­րը:
Յա­րութ, Մո­սիկ եւ Յա­կոբ: Երեք սր­բա­ցած հե­րոս­ներ, մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մար­տի­րոս­ները այն­տեղ էին:
Դժ­ուար չե­ղաւ զա­նոնք «գտ­նել»: Անոնց ան­մի­ջա­պէս հա­րե­ւա­նու­թեամբ, նոյն շր­ջա­գի­ծին մէջ ար­դէն կա­յին երեք հո­գե­հան­գիստ­ներ կամ թա­ղում­ներ:
Հոն անոնք նն­ջած, իրենց լուր ու սառն շի­րիմ­նե­րէն կը բարձ­րա­ձայ­նէ­ին իրենց, սփիւռ­քա­հա­յու իս­կա­կան ու լի­ի­րաւ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնը: Ապ­րում մը, որ մարմ­նա­ցումն ու թարգ­մա­նը հան­դի­սա­ցած էր դար մը ամ­բողջ, ան­կեղծ ու անա­րատ հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ դաստ­ի­ա­րակ­ուած սե­րունդ­նե­րուն, որոնք Եղեռ­նի ար­հա­ւիրք­նե­րէն ճո­ղոպ­րած ու արիւն­նե­րու մէջ մկրտ­ուած սե­րուն­դի ժա­ռան­գորդ­ներն էին:
Անոնք ան­ձայն ու սառն շի­րիմ­նե­րուն մէ­ջէն կը ցո­լաց­նէ­ին սուր­ի­ա­հա­յու­թեան իղ­ձե­րը, տե­սիլ­քը… այն սուր­ի­ա­հա­յու­թեան, որ սփիւռ­քի զա­նա­զան ոս­տան­նե­րուն թուա­յին ու հո­գեմ­տա­ւոր «մա­տա­կա­րա­րը» դար­ձած էր Մեծ Եղեռ­նի օրե­րէն:
Յա­րու­թը, Մո­սի­կն ու Յա­կո­բը առան­ձին չէ­ին: Հոն էին Գէ­որ­գը (Հաճ­եան), Քրիս­տա­փո­րը (Ար­թին), Ճու­տը… եւ բիւ­րա­ւոր­ներ:
Բո­լո­րին շի­րիմ­նե­րուն խո­րա­գի­րը մէկ էր. «Ես մի զարկն եմ քո բազ­կի». անոնք զարկն էին Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան մար­տե­րուն:
Ցա­ւի ու թա­խի­ծի ապ­րու­միս վրայ կու գար աւել­նալ ցա­սու­մի ու ան­կա­րո­ղու­թեան պոռթ­կու­մը, ի տես անձ­նա­տուու­թեամբ հայ­րե­նի­քիս կո­րուս­տին, ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան տրո­րու­մին…:
Իրե­րու դրու­թիւնը փո­խել կա­րե­նա­լու ան­կա­րո­ղու­թիւնը կը կր­ծէր էու­թիւնս, հո­գե­պէս զգետն­ուած էի ար­դէն գրե­թէ մէկ տարիէ ի վեր (9 Նո­յեմ­բեր 2020-էն):
Այն­տեղ, Եռաբ­լուր այ­ցե­լութ­եան, աղօ­թե­լու, ող­բա­լու եկած հա­յոր­դի­նե­րուն աչ­քե­րուն մէջ կը կար­դա­յի հոգ­ւոյս ալե­կո­ծու­մը:
Արդ­եօ՞ք անոնք եկած էին հայր մը, եղ­բայր մը, որ­դի մը կամ հա­րա­զատ մը փնտ­ռե­լու, անոնց այ­ցե­լե­լու: Արդ­եօ՞ք հոն նն­ջող­նե­րը ամէն­քը հա­րա­զատ­ներ չե՞ն, ամէ­նուս հա­մար….
Գլ­խի­կոր վե­րա­դար­ձայ Երե­ւան:
Մէջս կը զար­գա­նար այն միտ­քը, որ Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւնս հա­զիւ սկ­սած՝ աւար­տած էր…
Քա­նի մը օր ու ահա կ’աւար­տի 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին առա­ջին տա­րե­լի­ցը:
Վս­տահ եմ, որ վե­րը մատ­նան­շած ու թուած ապ­րում­նե­րը միայն իմս չեն: Հա­րիւ­րա­ւոր­ներ, բիւ­րա­ւոր­ներ ին­ծի պէս կը զգան:
Ու Եռաբ­լու­րի մռայլ տե­սա­րա­նէն թա­խիծն ու սու­գը պի­տի վե­րա­նան միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ մեր կորս­ուած հայ­րե­նի­քը վե­րա­դարձ­նեն սե­րունդ­նե­րը: Այն­տեղ նն­ջող­նե­րը այդ ատեն յա­րու­թիւն կ’առ­նեն՝ մա­նա­ւանդ մեր իրա­ւունք­նե­րու վե­րա­դար­ձով:
Մեծ մար­տահ­րա­ւէր է:
Սա­կայն ու­նինք պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւնը, փաս­տը:
Մեծ Եղեռ­նով կո­տո­րակ­ուած ազգս, այդ՝ 1915-ի արիւ­նա­լի թուա­կա­նէն հա­զիւ երեք տա­րի ետք, յա­րու­թիւն տուաւ վեց դա­րեր անընդ­հատ կորս­ուած մեր պե­տա­կա­նութ­եան, երբ Մա­յիս­եան (1918-ի) յաղ­թա­կան մար­տե­րով տա­պա­լեց թշ­նա­մին ու կեր­տեց Հա­յաս­տա­նի ազա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւնը:
«Վեց դա­րե­րու խա­ւա­րի վրայ, դրօ՛շ եռա­գոյն»:
… Ցան­կամ տես­նել այդ օրը:
Կարօ Վ. Մանճիկեան