Հայ ար­դա­րա­դատ մար­տիկ­նե­րու այս տե­սա­կը ինք­նա­սի­րու­թե­նէ չի տա­ռա­պիր։ Նման­նե­րուն անձ­նու­րա­ցու­թիւնը պի­տի չար­տօ­ներ զի­րենք, որ պճ­նան­քի եւ նար­կի­զա­նու­թեան վե­րա­ծէ­ին իւ­րա­քան­չիւր կե­նաց, իւ­րա­քան­չիւր լու­սան­կար, դի­մա­տետ­րի իւ­րա­քան­չիւր լորձ­նա­շուրթն գո­վա­սանք։
Անոնք հաս­տա­տա­պէս կը գի­տակ­ցին, որ երե­ւե­լի մար­տու­նակ օղակն են ան­քակ­տե­լի, ամ­րա­կուռ շղ­թա­յին: Անոնք են, որ «Նե­մե­սիս»ը ըն­դու­նե­ցին որ­պէս դաստ­ի­ա­րա­կիչ օրի­նակ եւ Հայ Դա­տի հա­մար պայ­քա­րի ամէն եղա­նակ ու գոր­ծե­լա­ոճ դար­ձաւ կեն­սա­կան նշա­նա­ցոյց։ Հե­տե­ւա­բար տա­րօ­րի­նակ չէ այս տա­րե­րա­յին խն­դու­թիւնը, որ կ’ապ­րինք ամէ­նու­րեք՝ հե­րոս­ներ ներ­բո­ղե­լով եւ քով­քը հիւ­սե­լով անոնց սխ­րա­գոր­ծու­թեան։ Ան ար­դիւնք է գերհրճ­ուա­ծու­թեան, եր­կա՜ր տա­րի­նե­րու սպա­սու­մի եւ կա­րօ­տախ­տի ցայ­տաղ­բիւ­րի ու­ժեղ ժայթ­քու­մին, կազ­մե­լով ամբա­սիր սր­տակ­ցու­թեան մը խօ­սուն պատ­կեր։ Ճիշդ այդ մէ­կուն հա­մար, նոյ­նիսկ այն սե­րուն­դը, որ Համ­բի­կին արար­քին օրը չէր ծնած, այ­սօր, նոյն խան­դով ու ոգե­ւո­րու­թեամբ, ամուր գր­կեց զինք որ­պէս իր էու­թեան հա­րա­զատ մաս­նի­կը։
Պա­տի՛ւ բո­լո­րին, պատ­կե­րա­զարդ կաւ­ճէ մա­տի­տով հե­րոս մարմ­նա­ւո­րող փոք­րի­կին, դող­դո­ջուն մատ­նե­րով զօ­րակ­ցա­կան նա­մակ գրող պա­տանի­ին-պար­մա­նուհի­ին, իր լու­մա­յով սա­տա­րող բա­րե­րա­րին, պաշտ­պան կա­մա­ւոր յանձ­նա­խում­բե­րուն եւ փաս­տա­բան­նե­րուն ազ­նիւ ճի­գե­րուն, եւ անխ­տիր բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րուն, որոնք 38 տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած ան­դուլ եւ հե­տե­ւո­ղա­կան յա­րա­բե­րա­կան առօր­եայ գործ տա­րին քա­ղա­քա­կան բան­տարկ­եալ Սա­սուն­եա­նի ազատ ար­ձակ­ման հա­մար։ Գա­լով «վարկ շա­հե­լու» դի­տարկ­ման աժան փոր­ձե­րուն, միայն մեր ներ­քին ճա­կա­տը պա­ռակ­տե­լու հա­շուոյն հն­չող ան­տե­ղի զգօ­նու­թեան յոր­դոր­ներ են։ Վեր­ջին հա­շուով ամէն հա­յոր­դի իր գիտ­ցած ձե­ւով ու հա­սու­նութ­եան մա­կար­դա­կով կ’ար­տա­յայ­տէ իր խն­դու­թեան զգա­ցում­նե­րը՝ չա­փա­ւոր կամ զե­ղուն պատ­կեր­նե­րով։ Վարկ շա­հո­ղը հա­մայն ազգն է եւ պատիւը կը պատ­կա­նի ան­տա­րա­կոյս՝ բո­լոր արի մարտն­չող­նե­րուն, որոնք զու­լալ ջու­րով ոռո­գե­ցին «Ծի­րա­նի Ծա­ռը»։ Իսկ «տպա­ւո­րու­թիւն ձգե­լու շա­հար­կում­նե­րը»՝ ան­յա­րիր են գա­ղա­փա­րա­կան ար­մատ­նե­րէ սնա­նած հա­յուն, որ գի­տէ պա­հան­ջել ի հար­կին ցու­ցա­բե­րել սառ­նասր­տու­թիւն ու խո­հա­կա­նու­թիւն, իսկ ի հար­կին ծա­ռա­նալ՝ յա­նուն գա­ղա­փա­րի անա­ղար­տու­թեան։
Աջ ու ահ­եա­կէն հն­չած թե­լադ­րանք­նե­րու հաս­ց­է­ա­տէ­րե­րը թող խնա­յեն իրենց յոր­դո­րի ճի­գե­րը եւ բո­լոր անոնց որոնք հան­դէս կու գան «խո­նարհ հո­գա­ծու­թեամբ վար­ուե­լու» Համ­բի­կի օրի­նա­կին հետ՝ պի­տի յա­րենք, որ հայ հա­սա­րա­կու­թեան գի­տա­կից մաս­սան՝ իր առողջ բնազ­դով, շատ լաւ գի­տէ ո՞վ ինչ է եւ յար­դը ցո­րե­նէն լաւ գի­տէ զա­նա­զա­նել։ Հե­տե­ւա­բար Համ­բի­կի ազատ ար­ձակ­ման վեր­նա­գի­րին տակ այս­պէս ըս­ուած «շա­հար­կում­նե­րը» սե­փա­կան կեան­քի գնով ճամ­բայ կտ­րող­նե­րուն վար­քը չէ։ Պէտք է յս­տակ դի­տար­կենք, որ մի­ակ մտա­հո­գուո­ղը դրա­ծո­ներն են, որոնք կը մեր­ժեն դրա­կան որե­ւէ յա­ռաջ­խա­ղացք եւ իրենց ժխ­տա­կան վար­քով ուղ­ղա­կի ջուր կը լեց­նեն Թուրք­իոյ ան­հանգս­տութ­եան ջա­ղաց­քին: «Քա­ւոր Պետ­րոս»ի յետ­նորդ­նե­րը, հա­յա­նուն քա­ղա­քա­կան փե­րե­զակ­ներն են ու ազ­գի տզ­րուկ­նե­րը: Անոնք նա­խա­տի­պարն են Վեստ Սար­գի­սի, որոնց մօտ ո՛չ ազ­գը, ո՛չ հայ­րե­նի­քը բա­րո­յա­կան ար­ժէք մը ու­նին։ Այ­սօ­րե­րու խա­չա­գո­ղե­րու տրա­մա­չա­փի մա­կար­դը այդ օրի­նակ­նե­րուն մէջ կ’ապ­րի ու կ’ուռճա­նայ՝ դառ­նա­լով հո­ղա­տու եւ հայ­րե­նի­քի դա­ւա­ճան։
Հայ­րե­նի հո­ղի ջեր­մու­թիւնը չվա­յե­լե­լով ոտ­քեր­նուն տակ, սփիւռք­եան հա­րիչ յոր­ձա­նու­տին մէջ, պաղ մայ­թե­րու վրայ «բու­քին-բո­րա­նին եւ մութ գի­շե­րին» հա­սակ առած Համ­բի­կի սե­րուն­դին իրա­նը նուա­զա­գոյ­նը պէտք է հայ­րե­նա­սի­րա­կան ան­կեղծ ջեր­մու­թեամբ, ամ­րօ­րէն փաթ­թել, եթէ նոյ­նի՛սկ իրենց բա­զուկ­նե­րու սխ­րա­գոր­ծու­թիւնը պան­ծաց­նե­լու կոչ­ուած այդ հա­րա­զա­տու­թիւնը մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կիրթ հան­րու­թեան ար­ժե­հա­մա­կար­գին հա­մար «քա­ղա­քա­կան ան­յա­րիր քայլ» դաս­ուի։
Համ­բիկ իր խու­ցին մէջ առան­ձին չէր եւ «դուր­սի խեն­թե­րուն» անձն­դիր նե­ցու­կով, ար­դա­րու­թեան ոդի­սա­կա­նը հա­լա­ծող յա­րա­լէզ­նե­րու յոր­դա­րատ լոր­ձունք­նե­րով քակ­տեց քա­ղա­քա­կան բռ­նազ­բօ­սիկ շղ­թան, խո­հա­կա­նու­թեամբ՝ իր պայ­ծառ աւար­տին հասց­նե­լով շատ նուրբ կա­ցու­թիւն մը, ի հե­ճուկս թր­քա­կան ՄԻԹ-ի ար­գե­լա­կիչ հե­տե­ւո­ղա­կան սադ­րանք­նե­րուն։
Աւե­լին. նող­կանք կ’ապ­րինք ակա­նա­տե­սը ըլ­լա­լով զանգ­ուա­ծի մը, որուն մաս կազ­մող հայ մար­դիկ կը հա­մար­ձա­կին ըսե­լու՝ «թքած ու­նենք Համ­բիկ Սա­սուն­եա­նի կորս­ուած կեան­քի վրայ»: Վա­հագն Դաւ­թեան նման­նե­րը նզո­վե­լու իրա­ւուն­քը ու­նի երբ կ’ըսէ.
«Ողջ լի­նես, Գու­սա՛ն,
Որ քո շան­թա­կերպ, ճշ­մա­րիտ խօս­քով
Շան­թես յա­ւիտ­եան այդ Վեստ Սար­գի­սին
Ու մնաց­եա­լին… Մե­ղայ, տէ՜ր, մե­ղայ…»:
Համ­բիկ­նե­րու երե­ւոյ­թը ար­գա­սիքն է 70-80 թուա­կան­նե­րու ՅԵ­ՂԱ­ՓՈ­ԽԱ­ԿԱ­ՆԱ­ՑՈՒՄ – ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱՆԱ­ՑՈՒ­Մին, որուն սաղ­մա­տու­նէն ծնաւ գա­ղա­փա­րա­կան մար­տիկ­նե­րու փա­ղանգ մը, յանձն առ­նե­լով՝ գրի­չով, ցու­ցա­կան աք­տե­րով փշ­րել լռու­թեան շղ­թան, ստեղ­ծե­լով Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան իրա­ւա­ցիու­թեան շուրջ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շագ­րաւ հե­տաքրք­րու­թիւն։ Աւե­լի ուշ, այդ հե­տաքրք­րու­թեան առանց­քը միս ու ոսկոր ստա­ցաւ եւ իրա­ւա­կան զա­նա­զան դր­սե­ւո­րում­նե­րով եկաւ հա­ստա­տե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­դէպ շղ­թա­յա­զերծ­ուած մշա­կու­թա­յին ու ֆի­զի­քա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քին տա­րո­ղու­թիւնը, որուն մի­ակ պա­տաս­խա­նա­տուն թր­քա­կան պե­տու­թիւնն է։
Այս­պէս, իրե­րա­յա­ջորդ օտա­րազ­գի կա­ռա­վա­րու­թիւն­ներ, պե­տու­թիւն­ներ ու քա­ղա­քա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին ակա­նա­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ իմա՛ թուրք հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, հեր­ձե­լով ու­րա­ցու­մի քօ­ղը, ըն­թացք տուին պատ­մա­կան ան­հեր­քե­լի իրո­ղու­թեան: Մնաց թրք­կա­կան պե­տու­թիւնը, որ իր կար­գին հրա­ժա­րե­լով ու­րա­ցու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն՝ քա­ջու­թիւն պէտք է ու­նե­նայ, առե­րե­սու­մի պատ­մա­կան պահ­ուան եւ  ճշ­մար­տու­թեան հետ, եւ որ­պէս ժա­ռան­գոր­դը երիտ­թուր­քե­րու գա­հին, ըն­դու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դի իրա­ւունք­նե­րու ան­ժա­ման­ցե­լիու­թիւնը, հաս­տա­տե­լով ար­դար վնա­սուց հա­տուց­ման ճա­նա­պար­հի քար­տէզ՝ հա­յա­պատ­կան հայ­րե­նի հո­ղի վե­րա­դար­ձով։ Միայն այն ատեն նաե՛ւ պի­տի հանգ­չին Լիզ­պո­նի նա­հա­տակ­նե­րուն աճիւն­նե­րը եւ ոգին մեծ փա­ղան­գի բո­լոր ան­յայտ գա­ղա­փա­րա­կան մար­տիկ­նե­րուն, որոնք ծա­ւա­լե­ցին նո­րօր­եայ աս­պե­տա­կա­նու­թիւն, դրոշ­մե­լով նոր ժա­մա­նակ­նե­րու աներկ­բայ ար­դա­րա­հա­տոյ­ցը: Անոնց գա­ղա­փա­րա­կան ար­ժա­նա­ւոր արիու­թիւնը միայն այդ ձե­ւով պի­տի յա­գե­նայ եւ բա­ւա­րա­րու­թիւն ստա­նայ:
Հոս, թէ­եւ ճիշդ չէ յի­շա­տա­կել Ռա­միլ Սա­ֆա­րով մար­դաս­պա­նին օրի­նա­կը, մէ­կը որ սոս­կա­կան ոճ­րա­գործ է, որ յանդըգ­նե­ցաւ ան­պաշտ­պան նն­ջող հայ սպա­յին վա­տա­բար սպան­նել: Այդ գձուձ բա­րա­ցու­ցա­կան արար­քին որ­պէս հա­տու­ցում, ան ար­ժա­նա­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տու­թեան հե­րո­սի տիտ­ղո­սին, նիւ­թա­կան վար­ձատ­րու­թեան եւ կա­ռա­վա­րու­թեան հո­գա­տա­րութ­եան, մինչ մեր քաղ­բան­տարկ­եա­լին զլաց­ուե­ցաւ պե­տա­կան «հան­րա­յին ող­ջա­գու­րում», երբ նա­հա­տակ սպայ Գուր­գէն Մար­գար­եա­նի արիւնը դեռ ե՛ւս չոր­ցած չէ։
Այ­սօր, թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը անակն­կա­լի եկած Համ­բիկ Սա­սուն­եա­նի ազատ ար­ձակ­ման լախ­տի հար­ուա­ծէն, իր վր­դով­մուն­քը կ’ար­ձա­նագ­րէ՝ «սխալ» որա­կե­լով որո­շու­մը եւ հաս­տա­տե­լով, որ ան «ահա­բեկ­չու­թեան ի նպաստ զի­ջում հա­մա­րուող վտանգ է» ու «ահա­բեկ­չու­թեան քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րու ծա­ռա­յեց­ման» կը մի­տի, մոռ­նա­լով որ ինք յա­կա­նէ ան­ուա­նէ պե­տա­կան ահա­բեկ­չա­կան շար­ժում հո­վա­նա­ւո­րող  ու հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու ան­դոր­րը խան­գա­րող սադ­րիչ պե­տու­թիւն է։
Համ­բի­կին բան­տա­յին 38 տար­ուան պահ­ուած­քը, իր անե­րեր համ­բե­րու­թիւնը եւ ան­կոտ­րում կամ­քը, ներշնչ­ման աղ­բիւր եւ նե­րուժ դար­ձան վտա­րան­դի սե­րունդ­նե­րուն, որոնք Սա­սուն­եան­նե­րու օրի­նա­կը դար­ձու­ցին իրենց վէ­մը։
Թեհ­լիր­եան­նե­րը եւ անոնց յետ­նորդ­նե­րը կը հա­մե­նան մնալ ազ­գա­յին հե­րոս­ներ: Անոնց սխ­րա­գոր­ծու­թիւնը պէտք չէ սահ­մա­նել որ­պէս հատ­ուա­ծի մը, կամ սոսկ խմ­բա­կի մը ար­գա­սիքն ու պար­ծան­քը։
Հասկ­ցող­նե­րուն շա՜տ բա­րեւ։
Թո­րոն­թօ 2 Նո­յեմ­բեր, 2021
Ժան Հալլաճեան