Սեպտեմբեր 2021-ին, Գամիշլիի ազգային վարժարանները, ինչպէս Սուրիոյ բոլոր վարժարանները, իրենց դռները բացին դիմաւորելով նոր տարեշրջան մը, սակայն պսակաձեւ ժահրի համաճարակի լայնածաւալ տարածումը պատճառ դարձաւ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին երկու շաբթուան տեւողութեան դպրոցներու փակման՝ կանխարգիլելու համաճարակին տարածումը աշակերտութեան մէջ։ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան մօտէն կը հետեւէր Ճեզիրէի ազգային վարժարաններու գործընթացին, դժուարութիւններուն եւ ներկայ իրավիճակին։ Առ այդ, հոգեշնորհ Հայր սուրբը անցնող ամսուան ընթացքին հովուական այցելութեամբ յաջորդաբար մեկնեցաւ Հասիչէ եւ Տերիք՝ իրազեկ դառնալու դպրոցներու աշխատանքին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Հայր սուրբը հանդիպումներ ունեցաւ թաղականութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմերուն հետ, իսկ Երեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2021-ին այցելեց Գամիշլիի ազգային երեք վարժարաններ՝ Ազգային Եփրատ մանկապարտէզ ու նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական միացեալ վարժարան։ Հայր սուրբին ընկերակցեցան Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանը, թաղականութիւնն ու հոգաբարձութեան անդամները։ Անոնք ջերմ եւ մտերմիկ հանդիպումեր ունեցան տնօրէնութեան ու աշակերտներուն հետ։ Հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները ուղղեց անոնց, շեշտելով հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման հրամայականը՝ պահպանելու մեր ազգային դիմագիծը եւ բարձր պահելու ազգային վարժարաններուն որակը։