Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան Հինգ­շաբ­թի, 28 Հոկ­տեմ­բե­րի նիս­տէն պատ­կե­րասփռ­ուած հա­ղոր­դու­մէն.
Ա) Կա­ռա­վա­րու­թիւնը 25 միլի­ոն եւ­րօ (աւե­լի քան 29.3 միլի­ոն տո­լար) տրա­մադ­րած է, որ­պէս­զի Երե­ւա­նի հան­րա­յին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րը օժտ­ուին 100 նոր փոքր փո­խադ­րա­կառ­քե­րով:
Առա­ջին ակ­նար­կով՝ ու­րա­խա­լի լուր, ան­կաս­կած: Լու­րը լսե­լէս քա­նի մը վայրկ­եան ետք, ման­րա­մաս­նու­թիւն մը ցատ­կեց վեր. 25 միլի­ոն եւ­րո­յով 100 փոքր փո­խադ­րա­կա՞ռք: Տեղ մը սխալ բան մը կայ: Դարձ­եալ մտիկ ըրի լու­րին այդ բա­ժի­նը. չէ. ականջ­ներս չեն դա­ւա­ճա­նած: Հա­մա­կար­գի­չիս հաշ­ուիչ սար­քին դի­մե­ցի. 25 միլի­ոն, բա­ժան­եալ 100, հա­ւա­սար է… 250 հա­զար եւ­րօ, կամ մօ­տա­ւո­րա­պէս 300 հա­զար տո­լար:
Արագ հե­տա­խու­զու­թիւն մը ըրի հա­մա­ցան­ցի էջե­րուն: Խնդ­րոյ առար­կայ փո­խադ­րա­կառ­քե­րուն սա­կե­րը կը տա­րու­բե­րին, հա­մա­ձայն ար­տադ­րող երկ­րին ու ըն­կե­րութ­եան, 22էն 45 հա­զար տո­լա­րի մի­ջեւ: Հա­շիւ մը ըրի, որ իւ­րա­քան­չիւր փո­խադ­րա­կառ­քի սար­քա­ւոր­ման հա­մար ալ (հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, գան­ձու­մի սար­քեր եւ այլն) հա­ւա­նա­բար պէտք պի­տի ըլ­լայ, ըսենք, 5 հա­զար տո­լա­րի (հաշ­ուար­կիս մէջ բնա­կա­նա­բար նկա­տի չու­նիմ այն հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնը, որ եթէ մէ­կի տեղ՝ մի­ան­ուագ բազ­մա­թիւ ինք­նա­շարժ­ներ գնես, հա­ւա­նա­բար ծա­խո­ղը զեղչ մըն ալ կ’ընէ): Ու­րեմն, եթէ ամէ­նէն սուղ ինք­նա­շարժ­ներն ալ գն­ուին, հա­տը պի­տի ար­ժէ մօ­տա­ւո­րա­պէս առա­ւե­լա­գոյնն 50 հա­զար տո­լար, իսկ 100 հա­տը (դուք հաշ­ուե­ցէ՛ք…): Ան­դին կը մնայ պատ­կա­ռե­լի գու­մար մը (ես ին­ծի՝ կա­տա­կի հա­մար, հե­տա­խու­զե­ցի նա­եւ քիչ մը աւե­լի մեծ փո­խադ­րա­կառ­քե­րու եւ փոքր օդա­նա­ւե­րու սա­կե­րը. չման­րա­մաս­նեմ…)
Եթէ դուք ալ իմ տեղս ըլ­լաք, չէ՞ք գայ­թակ­ղիր: Արդ­եօք կա­ռա­վա­րութ­եան տրա­մադ­րե­լիք գու­մա­րը պի­տի ընդգր­կէ նա­եւ վա­րորդ­նե­րուն քա­նի մը տար­ուան աշ­խա­տա­վա՞րձ­քը, վա­ռե­լա­նիւ­թի ծախ­սե՞րը, նո­րո­գու­թի՞ւն եւ անանկ բա­ներ: Այ­լա­պէս, այս իշ­խա­նու­թեան ամէ­նէն ջերմ հա­մա­կիրն ալ արդ­եօք ձեռ­քը խղ­ճին դնե­լով, պի­տի չմ­տա­ծէ՞, թէ սա յա­ւել­եալ շուրջ 20 միլի­ոն եւ­րոն ո՞ւր պի­տի եր­թայ (չմտ­նենք թէ նման գնում մէկ ան­ձի միջ­նոր­դութ­եամբ ընե­լը նոր սո­վո­րու­թիւն է, քա­նի մը առա­ջար­կէ ամէ­նէն նպաս­տա­ւո­րը ընտ­րե­լու… ընտ­րան­քը դուրս ին­կած է տրա­մա­բա­նա­կան գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րէն, փտա­ծու­թիւն կամ չա­րա­շա­հու­թիւն չի հաշ­ուը­ուիր):
Նման «ման­րուք­ներ» արդ­եօք մտա­հո­գու­թիւն պէ՞տք է պատ­ճա­ռեն:
Բ) Պատ­կե­րաս­փիւ­ռի նոյն պա­տու­հա­նէն (նա­եւ այլ տե­ղե­րէ) հա­ղորդ­ուե­ցաւ նա­եւ անվ­տան­գութ­եան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Ար­մէն Գրի­գոր­եա­նի մէկ յայ­տա­րա­րու­թիւնը: Հա­ւաս­տեց՝ որ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ սահ­մա­նագ­ծու­մի պատ­րաս­տու­թիւն կը տեսն­ուի, նկա­տի պի­տի առն­ուի, որ հայ­կա­կան եւ ազեր­ի­ա­կան ու­ժե­րը «հա­յե­լան­ման» հե­ռա­նան իրենց այժ­մու դիր­քե­րէն (կը յի­շէ՞ք Փա­շին­եա­նի նոյն բա­ռե­րով ար­տա­յայ­տու­թիւնը՝ ամիս­ներ առաջ), այ­սինքն, յայտ­նա­պէս նկա­տի պի­տի չառն­ուի այն իրո­ղու­թիւնը, որ ազեր­ի­ա­կան բա­նակ­նե­րը Մա­յի­սէն, աւե­լին՝ անց­եալ Դեկ­տեմ­բե­րէն ի վեր թա­փան­ցում­ներ կա­տա­րած են Հա­յաս­տա­նի չճշ­դո­րոշ­ուած, բայց պատ­մա­կա­նօ­րէն ճանչց­ուած սահ­ման­նե­րէն ներս: Ու­րեմն, սի­րե­լի ժո­ղո­վուրդ, սահ­մա­նագ­ծու­մի պա­հուն, ըստ էու­թեան սա­կար­կու­թիւն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մե՛ր հո­ղե­րուն շուրջ, այ­սինքն, Ատր­պէյ­ճան իբ­րեւ թէ բա­րիք մը ըրած պի­տի ըլ­լայ (եթէ ըն­դու­նի), քա­նի մը քի­լո­մեթր «հա­յե­լան­ման» հե­ռա­նա­լով իր այ­սօր գրա­ւած դիր­քե­րէն: Սա յա­ւել­եալ փաստ է, որ Ար­ցախ-մար­ցախ հաշիւի մէջ պի­տի չմտ­նեն, իսկ հայ­կա­կան կող­մը վե­րա­տի­րա­ցած պի­տի ըլ­լայ ար­դէն իսկ իրեն պատ­կա­նող հո­ղա­շեր­տե­րու մէկ մա­սին (հա­ւա­նա­բար «ասոր ալ փառք տանք» մտա­ծող պի­տի ըլ­լայ, սկ­սե­լով այս իշ­խա­նու­թեան ջեր­մե­րանդ հա­մա­կիր­նե­րէն):
Նոյն յայ­տա­րա­րու­թեան պա­հուն, խե­լա­միտ պաշ­տօ­նա­տա­րը հաս­տա­տեց, որ սահ­մա­նագ­ծու­մը պի­տի կա­տար­ուի… 20-ական տա­րի­նե­րու քար­տէս­նե­րու հի­մամբ: Իսկ 20-ական­նե­րու քար­տէս­նե­րը, ըստ մաս­նա­գէտ­նե­րու, Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ներս ցոյց կու տան ո՛չ միայն Գո­րիս-Կա­պան բռ­նագ­րաւ­ուած ճամ­բան ու Հա­յաս­տա­նէն վեր­ջերս բռ­նագ­րաւ­ուած այլ հո­ղա­շեր­տեր, այլ նոյ­նինքն Ար­ցա­խը՝ Քար­վա­ճա­ռով ու հա­րա­ւա­յին գօտի­ով, որոնք այ­սօր ան­ցած են Ատր­պէյ­ճա­նի ձեռ­քը, ան­կէ ծրա­գիր­ներ կը մշակ­ուին «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք» իրա­կա­նաց­նե­լու, հոն ճամ­բա­ներ ու օդա­կա­յան կը սարք­ուին: Ա. Գրի­գոր­եան հա­ւաս­տեց, ու­րիշ­նե­րու պէս, որ Հա­յաս­տա­նէն հո­ղա­յին զի­ջու­մի հարց չի քն­նարկ­ուիր, այ­սինքն՝ մի­ջանց­քի հարց չկայ, այլ ճամ­բա­նե­րու վե­րա­բաց­ման հարց. վե­րա­բա­ցուող ճամ­բա­նե­րու ընտ­րանքն ալ յայտ­նա­պէս Ատր­պէյ­ճա­նի թող­ուած է, որով­հե­տեւ օր մը առաջ, փոխ վար­չա­պետ եւ այս հար­ցե­րուն հա­մար լի­ա­զօր բա­նակ­ցող Մհեր Գրի­գոր­եան խորհր­դա­րա­նի բե­մէն ճա­կա­տա­բաց խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ Վար­դե­նիս-Մար­տա­կերտ ճամ­բուն բաց­ման հարց չի քն­նարկ­ուիր: (Եթէ մոռ­ցող­ներ կան, յի­շեց­նենք. այդ ճամ­բան տա­րի­ներ առաջ բաց­ուե­ցաւ «նախ­կին­նե­րուն» օրով, ու­նէր ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն եւ պի­տի օգ­տա­գործ­ուէր, ի մի­ջի այ­լոց, Ար­ցա­խի թի­կուն­քը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար. այդ ծրա­գի­րին իրա­կա­նաց­ման մէջ բա­նա­լի դեր ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տան Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մը, այ­սինքն՝ Սփիւռ­քը կա­րե­ւոր մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ նիւ­թա­կան կա­րիք­նե­րուն: Տա­րի մը առաջ, Ատր­պէյ­ճա­նին նուէր տր­ուած աւա­րին մաս կը կազ­մէ):
Ամէ­նէն կար­ճա­տեսն ալ կր­նայ տես­նել յիշ­եալ պաշ­տօ­նա­տա­րին հաս­տա­տում­նե­րուն մի­ջեւ հա­կա­սու­թիւնը. «հա­յե­լան­ման հե­ռա­ցում» եւ 20-ական տա­րի­նե­րու քար­տէզ­ներ:
Ա. Գրի­գոր­եան շատ ինք­նավս­տահ կեց­ուած­քով հա­ւաս­տեց նա­եւ. Ար­ցա­խը եր­բեք պի­տի չըլ­լայ Ատըր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ: Ամ­բողջ հոգի­ով ու քա­ղա­քա­կան կամ­քով կ’ու­զենք հա­ւա­տալ անոր, սա­կայն սա­տա­նան դարձ­եալ կը ցատ­կէ ան­կիւ­նէ մը, յի­շեց­նե­լու՝ որ Փա­շին­եանն ալ եր­կու տա­րի առաջ կո­կոր­դը ճա­թեց­նե­լու չափ բարձ­րա­ղա­ղակ յայ­տա­րա­րեց. «Ար­ցա­խը Հա­յաս­տան է ու վերջ»: Հի­մա՞…
Յե­տոյ, խօս­քը ո՞ր Ար­ցա­խի մա­սին է. մե­զի մնա­ցած մնա­ցոր­դի՞ն, որ տա­կա­ւին կը գտն­ուի թուրք-ազեր­ի­ա­կան վտանգ­նե­րու տակ, սահ­մա­նագ­ծու­մի եւ ազեր­ի­ա­կան այլ պար­տադ­րանք­նե­րով՝ պի­տի չկա­րե­նայ խու­սա­փիլ Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ մտ­նե­լու վտան­գէն, եթէ ԳՈՐԾ­ՆԱ­ՊԷՍ աշ­խա­տանք չկա­տար­ուի, խօս­քե­րը մնան օդին մէջ:
Բա­ա­աա՜յց… Փա­շին­եա­նի վար­չա­խում­բը ու­նի բո­լո­րո­վին տար­բեր ակ­նոց­ներ, որոնք կը խոս­տա­նան Հա­յաս­տա­նի դի­մաց բա­նալ խա­ղա­ղու­թեան դա­րաշր­ջա­նը, առեւ­տու­րի զար­գաց­ման եւ բա­րօ­րու­թեան հո­րի­զոն­նե­րը (անոնք հա­ւա­նա­բար այլ մո­լո­րա­կի մը մէկ լու­սի­նէն կը դի­տեն իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը):
Եկէ՛ք, ան­կեղծ ըլ­լանք. զար­մա­նա­լի՞ էր, որ Քա­ղա­քա­ցիական Պայ­մա­նագ­րու­թեան ան­դամ­նե­րը 27 Հոկ­տեմ­բե­րին խորհր­դա­րա­նին մէջ չք­ու­է­ար­կե­ցին Ատր­պէյ­ճանն ու Թուրք­ի­ան դա­տա­պար­տող՝ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած (այ­լա­պէս տե­ղին եւ ար­դար) բա­նա­ձե­ւին ի նպաստ, պատ­ճա­ռա­բա­նե­ցին, որ դա­տա­պար­տու­մին դէմ չեն, բայց «ներ­քա­ղա­քա­կան մօ­տե­ցում­ներ» չեն ար­տօ­ներ, որ քուէ տան…
Այս բո­լո­րը «ման­րուք­ներ» են: Ո՞վ է ասանկ բա­նե­րու հաշիւը պա­հո­ղը, անոնց հա­մար հա­շիւ պա­հան­ջո­ղը (ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը, խորհր­դա­րա­նէն ներս թէ դուր­ս, կը մնան ան­զօ­րու­թեան մատն­ուա­ծի կօ­շիկ­նե­րուն մէջ): Մա­նա­ւանդ ո՞ւր է «Ապա­գայ կայ»ի պատ­րան­քով տար­ուած զանգ­ուա­ծը: Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի իրո­ղա­կան կո­րուստ­նե­րը, պե­տա­կա­նու­թեան կո­րուս­տի վտան­գը ջու­րի ձա՞յն են: Վա­ղը ձմե­ռը վրայ պի­տի հաս­նի եւ կր­նանք հան­գիստ… ձմեռ­նա­քուն վա­յե­լել:
Ս. Մահսերէճեան