Վեր­ջա­պէս աւե­տիս մը՝  Համ­բիկ Սա­սուն­եա­նի ազատ ար­ձա­կու­մը, նշոյլ մը յոյս կա­թե­ցուց մեր հո­գի­նե­րուն մէջ հայ­րե­նի­քի թէ սփիւռ­քի այս ան­յոյս օրե­րուն: Ինչ­քա՜ն կա­րի­քը ու­նինք այս­պի­սի հե­րոս­նե­րու ներ­կա­յու­թեան մեր իրա­կա­նու­թեան մէջ: Ար­դա­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րող ան­շա­հախն­դիր հա­յորդիի մը, որ հայ­րե­նի­քին ու իր դա­տին հա­մար պատ­րաստ է ի սպաս դնել իր ողջ կա­րե­լիու­թիւնը, ոչ թէ թշ­նամի­ին ձեռք եր­կա­րող նո­րօր­եայ հայ­րե­նի ղե­կա­վա­րու­թեան անձ­նա­տուութ­եան ճամ­բան բռ­նել: Այս աւե­տի­սը  կը զու­գա­դի­պի մեր պատ­մու­թեան ամօ­թա­լի էջե­րէն մէ­կուն առա­ջին ամ­եա­կին՝ Ար­ցա­խի մեծ մա­սը թշ­նամի­ին յանձ­նե­լու ստո­րագ­րութ­եան առա­ջին ամ­եա­կին:
Համ­բիկ Սա­սուն­եա­նի վե­րա­դար­ձը յոյս տա­լէ աւե­լի մտա­ծել կու տայ մար­դոց նկա­րագ­րա­յին գի­ծե­րու, հայ­րե­նա­սի­րութ­եան ապ­րում­նե­րու տար­բե­րու­թեան մա­սին, քա­ղա­քա­կան կեան­քի մէջ ըլ­լան անոնք, թէ պարզ նուիր­եալ­ներ:
Մին կեան­քը կը մա­շեց­նէ յա­նուն Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան, 40 տա­րի ըմ­պե­լով ամէ­նէն դժ­ուար տա­ռա­պանք­նե­րը, ճա­շա­կե­լով ամէն տե­սա­կի ցաւ, սա­կայն պող­պատ­եայ կամ­քը ամուր պա­հե­լով, ազատ հո­գին բան­տե­րու ճա­ղե­րէն դուրս ար­ձա­կե­լով, Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­դէպ սէ­րը վառ պա­հե­լով:
Բնա­կա­նա­բար Թուրք­իոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թիւնը պի­տի դա­տա­պար­տէր Համ­բի­կի ազատ ար­ձա­կու­մը եւ գո­վա­բա­նէր իր ծրա­գիր­նե­րը իրա­կա­նաց­նող­նե­րը: Թուրք­իոյ իշ­խա­նու­թիւն­ներն են ան­հանգս­տա­ցողն ու դա­տա­պար­տո­ղը, մի՛ զար­մա­նաք. երկ­րի մը իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, որոնք չեն զա­նա­զա­ներ ար­դա­րու­թեան մար­տի­կը ահա­բե­կի­չէն, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը երկ­րի մը, որուն անց­եա­լը լի է արիւ­նա­հե­ղու­թեամբ եւ զար­հու­րե­լի դէպ­քե­րով, 1,5 միլի­ոն ան­մեղ­նե­րու անէծ­քով: Մի­եւ­նոյնն է, սա­կայն, Համ­բի­կը բան­տի ճա­ղե­րուն ետին քա­ռա­սուն տա­րի դի­մա­նա­լէ ետք վեր­ջա­պէս կը հաս­նի ողջ-առողջ: Անոր ներ­կա­յու­թիւնը Հա­յաս­տան կը յու­շէ, որ դա­տի մը նուիր­ուի­լը լոկ կու­սակ­ցա­կան ըլ­լալ չի նշա­նա­կեր, ար­դար պայ­քա­րի դաշտ նետ­ուի­լը զգա­ցա­կան պոռթ­կու­մի ար­դինք չէ միայն, այլ գործ­նա­կան քայ­լե­րու՝ ժա­մա­նա­կին եւ տե­ղին հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րու: Մեր ազ­գի իրա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան պարտ­քը կը կրեն ե՛ւ մար­տի­կը, ե՛ւ զի­նուո­րը, ե՛ւ ազ­գա­յին գոր­ծի­չը, ե՛ւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը. իւ­րա­քան­չիւ­րը ի՛ր ոլոր­տին, ի՛ր կա­րե­լիու­թեան, ի՛ր գի­տակ­ցու­թեան եւ վճ­ռա­կա­նու­թեան հա­մա­ձայն: Մէ­կը միւ­սը չի փո­խա­րի­ներ յա­ճախ, սա­կայն բո­լո­րին աշ­խա­տանքն ու նկր­տում­նե­րը մէկ նպա­տա­կի կը ծա­ռա­յեն, նպա­տակ մը, որ վեր է նեղ շա­հե­րէն, որուն հե­տապն­դու­մը նուի­րում ու գի­տակ­ցու­թիւն կը պա­հան­ջէ:
Համ­բի­կը այս ծանր օրե­րուն յոյ­սի պատ­գամ մը բե­րաւ Հայ Դա­տի ար­դար լուծ­ման հա­ւա­տա­ցող­նե­րուս: Այդ պատ­գա­մը կը յու­շէր, որ որ­քան ալ տի­րող ըլ­լայ անար­դա­րու­թիւնը, զայն վե­րաց­նե­լու յանդգ­նու­թիւնը չի խամ­րիր ու պի­տի չխամ­րի: Պար­տու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի է յաղ­թա­հա­րել յանձ­նա­ռու հա­յե­րու խի­զախ որո­շում­նե­րով, յան­դուգն քայ­լե­րով, ան­նա­հանջ մարտն­չում­նե­րով, այ­լա­պէս ո՞ր ժո­ղո­վուր­դը դիւ­րաւ, ակն­թար­թի մը մէջ տի­րա­ցած պի­տի ըլ­լար իր իրա­ւունք­նե­րուն: Նոր զէն­քեր յօ­րի­նե­լու եւ մեր ար­դար պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու, մեր միտքն ու ապ­րում­նե­րը շա­ղա­խե­լով նոր ռազ­մա­վա­րու­թեամբ շար­ժե­լու վս­տա­հու­թիւնն է, որ կը ներշն­չէ Համ­բի­կը: Անոր հայ­րե­նիք ներ­կա­յու­թիւնն ու ժպի­տը, հայ­կա­կան գինիի բարձ­րա­ցու­ցած բա­ժա­կը իմաստ ու­նին վեր­ջա­պէս:
9 Նո­յեմ­բե­րի ամօ­թա­լի ստո­րագ­րու­թե­նէն ան­ցաւ մէկ տա­րի: Տա­րի մը եւ մենք տա­կա­ւին չենք սթա­փած անձ­նա­տուու­թեան հար­ուա­ծէն ու տա­կա­ւին Հա­յաս­տա­նի մէջ  ան­տե­ղի ըսի ըսաւ­նե­րով ժա­մա­նակ կը վատ­նեն, փո­խա­նակ պատ­րաստ­ուե­լու յա­ջորդ պա­տե­րազ­մին ու ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին: Տա­րի մը կորսն­ցու­ցինք եւ նման բա­զում տա­րի­ներ, որոնց ըն­թաց­քին կր­նա­յինք պա­տրաս­տել հա­յոց արդ­ի­ա­կան բա­նա­կը, շա­հիլ քա­ղա­քա­կան բե­մի վրայ դաշ­նա­կից­ներ ու ժո­ղո­վուր­դի կեն­սա­մա­կար­դա­կը բարձր պա­հե­լով տն­տե­սա­կան լծակ­նե­րուն գե­րին չդառ­նալ:
Միւս կող­մէ, թշ­նա­մին շատ լաւ օգ­տա­գոր­ծեց մեր այս ան­կազ­մա­կերպ վի­ճա­կը եւ կը շա­րու­նա­կէ օգտ­ուիլ եւ ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն  յա­ւել­եալ զի­ջում­ներ պա­հան­ջել՝ ար­հա­մա­րհե­լով հա­յու­թեան զո­հերն ու մարտն­չում­նե­րը:
Ուս­տի ձեռ­նա­ծալ մնա­լու փո­խա­րէն ծրագ­րենք, գու­ցէ սկիզ­բէն սկ­սինք ամէն բան, բայց ծրագ­րենք ու վե­րա­բա­նանք մեր պան­ծա­լի գո­յեր­թի ու­ղին՝ ազա­տու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ, առանց ու­րի­շին պար­տադր­եալ լու­ծը կրե­լու:  Մեր ըն­կեր­նե­րուն ար­եան կան­չը այս կը թե­լադ­րէ:
Յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն ՀՅԴ 131-ամ­եա­կի յի­շա­տա­կու­մը դարձ­նենք մեր յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րը քն­նե­լու, ռազ­մա­վա­րու­թիւնը ուր­ուագ­ծե­լու առիթ ու ինք­նաքն­նա­դա­տու­թե­նէն սկ­սե­լով նոր գոր­ծե­լա­ոճ որ­դեգ­րենք հաս­նե­լու յաղ­թա­նա­կի ճամ­բայ առաջ­նոր­դող իրա­տե­սա­կան ծրա­գիր­նե­րու: Մեր երի­տա­սար­դու­թեան ողջ ուժն ու միտ­քը, բա­զուկն ու կամ­քը ծա­ռա­յեց­նենք այս նպա­տա­կին՝ Համ­բիկ Սա­սուն­եա­նի համ­բե­րութ­եամբ ու ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ազա­տու­թեան հաս­նե­լու եւ այդ ազա­տու­թեան ու­ղեր­ձը հայ­րե­նի հո­ղին վրայ կանգ­նած փո­խան­ցե­լու օրի­նա­կը մեր յու­շա­րա­րը դարձ­նե­լով:
Սագօ Խալոյեան