Սի­րե­լի՛ հե­րոս, նա­հա­տա՛կ Մո­սիկ,
Ար­դէն տա­րի մը գլո­րե­ցաւ բա­ցա­կա­յու­թեամբդ մթագ­նող կեան­քէս: Դուն չկաս, նա­խընտ­րե­ցիր հե­րո­սա­բար նն­ջել «Եռաբ­լուր»ի բար­ձուն­քին վրայ՝ հայ զի­նուո­րին վա­յել հպար­տու­թեամբ:
Կը յի­շեմ մեր ծա­նօ­թաց­ման առա­ջին պա­հը, Պէյ­րութ, երբ չորս ըն­կեր­նե­րուդ հետ դար­ձար իմ դրա­ցին: Ես ձեր մաք­րա­մա­քուր հո­գի­նե­րուն առնչ­ուե­լով երաշ­խա­ւոր դար­ձայ եւ տան­տի­րոջ հա­մո­զե­ցի, որ ձեզ իր տու­նը վարձ­քով տայ: Զգա­ցած էի, որ բո­լորդ ազ­գա­յին բարձր նկա­րա­գի­րով, հայ­րե­նա­սէր եւ աշ­խա­տա­սէր տղաք էք: Մեր ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւնը սկ­սաւ այս­տե­ղէն, սի­րե­լի՛ տղաս, Մո­սի՛կ:
Միշտ կը մաղ­թէի, որ Աստ­ուած ին­ծի քե­զի նման տղայ մը պար­գե­ւած ըլ­լար, իսկ դուն կը պա­տաս­խա­նէ­իր.
-Հօ­րա­քո՛յր Լու­սին, ար­դէն այդ­պէս է, ես տղադ եմ:
Դուն ան­զու­գա­կան զա­ւակս դար­ձար, այդ­պէս ալ պի­տի մնաս, իմ հե­րո՛ս որ­դի:
Ինչ­քա՞ն ծրա­գիր­ներ ու­նէ­ինք՝ մի­ա­սին պի­տի վե­րա­դառ­նա­յինք Հա­լէպ, քեզ պի­տի ամուս­նաց­նէ­ինք, տուն-տեղ պի­տի կազ­մէ­իր, գործ պի­տի հիմ­նէ­իր եւ կեանքդ կար­գա­ւո­րէ­իր: Սա­կայն հայ­րե­նի հո­ղին կան­չը աւե­լի գե­րակ­շիռ էր քե­զի հա­մար: Եթէ յաղ­թա­նա­կի դափ­նեպ­սա­կը կրած դառ­նա­յիր, որ­քա՜ն պի­տի ու­րա­խա­նա­յինք…:
Քա­նի-քա­նի ան­գամ­ներ ձեռք-ձեռ­քի տուած եր­գե­ցինք. «Ա՜խ ֆե­տա­յի­ներ, ջա՛ն ֆե­տա­յի­ներ»: Երգ, որուն ար­ձա­գան­գը մին­չեւ հի­մա ներ­կա­յու­թիւնդ կը յի­շեց­նէ:
Քա­նի ան­գամ­ներ կրկ­նած ես. «Այդ ձեռ­քերդ չփ­ճա­նան, Լու­սի՛ն հօ­րա­քոյր»: Սա­կայն ետիդ դա­տա­րկու­թիւն մը ձգե­լով ան­վե­րա­դարձ հե­ռա­ցար այս ան­հե­թեթ աշ­խար­հէն: Երա­նի դո՛ւն զիս թա­ղէ­իր, իմ հե­րո՛ս որ­դի, ոչ թէ ես այս ծանր ցա­ւով շա­րու­նա­կէի կեանքս:
Մեր հա­րա­զատ կա­պը զար­գա­ցաւ, խո­րա­ցաւ եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ շա­րու­նակ­ուե­ցաւ Հա­լէ­պի մէջ եւս: Քեզ ուշ գտայ, ի՛մ որ­դի, սա­կայն շուտ կորսն­ցու­ցի, նուիր­եա՛լ նա­հա­տակ:
Մահ­ուանդ գոյ­ժը սար­սա­փե­լի էր, շն­չա­հեղձ դար­ձուց զիս, սա­կայն հպար­տու­թեամբ լե­ցուց հո­գիս ու սիրտս: Այդ փոքր մարմ­նիդ մէջ որ­քա՞ն խի­զա­խու­թիւն կու­տա­կած էիր, տղա՛ս: Կ’աղօ­թեմ, որ Տէր Աստ­ուած համ­բե­րու­թեամբ զի­նէ մայրդ եւ մեզ:
Քեզ, քու խի­զախ հոգի­ին ան­մա­հու­թեան հա­մար ամէն Կի­րա­կի մոմ կը վա­ռեմ, աղօթք կը բարձ­րաց­նեմ առ Աստ­ուած:
Ձեր յի­շա­տա­կը յաղ­թա­նա­կի ճամ­բա­ներ թող ուր­ուագ­ծէ մեր ազ­գին դի­մաց, հա­լէ­պա­հայ, խի­զա՛խ երի­տա­սարդ­ներ, Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ հայ­րե­նի­քի մար­տիկ­նե՛ր:
Լուսին Բանոյեան