“Ապառաժ”._Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան «Sputnik Արմենիա» կայանէն ելոյթ ունեցած պահուն անդրադարձած է Արցախի անկախութեան ճանաչման հեռանկարին։ «Մեզի համար Արցախի անկախութեան ճանաչումը եղած է եւ կը մնայ կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկը։ Մեր գերնպատակներէն է նաեւ Արցախի աշխարհաքաղաքական դրուածքին պահպանումը, որ թոյլ կու տայ աւելի արդիւնաւէտօրէն յառաջ մղելու ճանաչման գործընթացը», ըսած է նախարար Դաւիթ Պապայեան` անդրադառնալով «Ճանաչում Յանուն Փրկութեան» առաջադրանքին։ «Մեզի համար կարեւոր է նաեւ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի հարցումին, թէ որքան կրնայ «3+3» ձեւաչափը օգտակար ըլլալ Արցախեան հիմնահարցի լուծման համար, յայտնեմ, որ տակաւին Նոյեմբերին 2020-ի մեր կանխատեսումին համաձայն, նման ձեւաչափերու առաջարկներ պիտի ըլլային, բայց անոնք ոչ թէ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, այլ տարածաշրջանի մէջ յարաբերութիւններու յստակեցման ու զարգացման հարթակներ են», յայտնեց ԱՀ արտաքին գործոց նախարարը։ Պապայեանի խօսքով, ըստ երեւոյթի պիտի ըլլան նաեւ այլ հարթակներ, սակայն այս չի նշանակեր, որ նման ձեւաչափեր կրնան փոխարինել Մինսքի խումբի համանախագահներու ձեւաչափը` որպէս Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորումով անմիջականօրէն զբաղող հարթակ։ Պապայեանի համաձայն, անհրաժեշտ է հետեւիլ զարգացումներուն, դիտարկել մօտեցումներն ու յայտարարութիւնները, բայց հակամարտութեան կարգաւորումին պէտք է նայիլ աւելի լայն` նկատի առնելով երեք հիմնական սկզբունքներ. նախ եւ առաջ պէտք է փրկել Արցախի ապագան, պահպանել անոր պետականութիւնը, եւ ամենակարեւորը՝ Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Յիշեցնենք, որ ՀՀ փոխ արտաքին գործոց նախարար Վահէ Գէորգեան 4 Նոյեմբերին Ազգային ժողովին յայտարարած էր, որ Հայաստան պէտք է յառաջ մղէ Արցախի հարցը «Ճանաչում Յանուն Փրկութեան» տեսակէտը։ Անոր համաձայն, Արցախի միջազգային ճանաչման հարցով Հայաստան սերտօրէն կը գործակցի Արցախի ԱԳՆ-ին հետ։