«Արմէնփրէս».-Յառաջիկայ շաբաթ ծրագրուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն եռակողմ հանդիպումը:

«Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանը յայտնած էր, որ յառաջիկայ շաբաթ չեն բացառուիր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ նախաձեռնութիւնները, որոնք նուիրուած կ՚ըլլան եռակողմ փաստաթուղթի ստորագրման տարեդարձին:

«Ինթըրֆաքս»ի համաձայն, հեռակայ դրութեամբ տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւնները նախատեսուած են գալ շաբթուան սկիզբը: