«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Հռոմէն (G20-ի գագաթնաժողովէն) Թուրքիա վերադառնալու ճամբուն ինքնաթիռին մէջ ներկայացուցած է գագաթնաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներու մանրամասնութիւնները եւ պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն: խօսելով Ֆրանսայի նախագահ Մաքրօնի հետ հանդիպումին մասին` Էրտողան ըսած է, որ քննարկած են քանի մը հարց, ներառեալ Հարաւային Կովկասի հարցը: Ան մաքրօնին յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ հիմա դրական քայլեր կ’առնուին, եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վճռականօրէն տրամադրուած է` շարունակելու այդ դրական քայլերը: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնած է, թէ Ալիեւ Փաշինեանի հետ ունեցած է զրոյց, որուն ընթացքին օրակարգի բերուած է տարածաշրջանի մէջ 6-ի հարթակ ստեղծելու հարցը: «Ռուսիա, Ատրպէյճան, Թուրքիա, Իրան, Վրաստան եւ անոնց կողքին նաեւ Հայաստան մաս պիտի կազմեն այս վեցեակին, եթէ բոլորը ընդունին, իսկապէս կը ստեղծենք խաղաղութեան հարթակ մը», եզրափակած է Էրտողան: