Երկուշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի ուժեր զինուորական սարքաւորումներու երկար շարասիւն մը Հասիչէէն Իրաք փոխադրեցին։ Տեղական աղբիւրներ ՍԱՆԱ-ին հաղորդեցին, որ կէս գիշերին, ամերիկեան ուժեր յաջորդաբար 150 թնդանօթ, զինուորական ինքնաշարժներ, փոխադրակառքեր եւ շուրջ 120 բեռնատար դուրս հանեցին Հասիչէի «Խրապ ալ Ճիր» օդակայանի իրենց զինուորական խարիսխէն եւ Իրաք ուղղեցին զանոնք, անցնելով «ալ Ուալիտ» միջանցքէն։