Երկուշաբթի , 8 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ իրիկնուայ ժամը 7:16-ին Իսրայէլ Պէյրութի հիւսիսային տարածքէն օդային յարձակում գործեց Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ գտնուող զինուորական կեդրոններէն մէկուն վրայ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին արձակուած հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։ Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով 2 զինուոր վիրաւորուեցաւ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։