Երկուշաթբի, 8 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ այս օրերուն կը գտնուի Հալէպ:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին ներկայ էին Վրէժ Եագուպեան, տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան եւ Յարութ Հայրապետեան:

Հանդիպումին արծարծուեցան համահայկական զանազան խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը: Սրբազան Հայրը զեկուցեց սուրիահայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին, յայտնելով, որ Սուրիան քաղաքական եւ ապահովական առումով, համեմատաբար նախորդ տարիներուն շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն ժողովուրդը կը դիմագրաւէ տնտեսական դժուար պայմաններ:

Իր կարգին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը քաջալերական խօսքերով գնահատեց Թեմի աշխոյժ գործունէութիւնը եւ սուրիահայութեան մաղթեց բարօր եւ ծաղկուն տարիներ:

Յիշենք, որ երէկ՝ Կիրակի 7 Նոյեմբեր 2021-ին, յետ Արցախի նահատակներուն հոգւոյն կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան, Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին ձեռամբ բացումը կատարուեցաւ Արցախի հալէպահայ նահատակներուն նուիրուած յուղակոթողին: