Երեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց եւ միջազգային յարաբերութիւններու նախարար Շէյխ Ապտալլա պըն Զայէտ ալ Նահեանը եւ իրեն ընկերակցող պետական Նախարար Խալիֆա Շահինն ու մաքսային հարցերու պետական խորհուրդի նախագահ Ալի Մուհամմէտ Համատ ալ Շամիսը։
Հանդիպումին կողմերը խորհրդակցեցան երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութեան զարգացման եւ տարբեր ոլորտներու մէջ գորրծակցութեան ամրապնդման շուրջ։
Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սուրիոյ միջեւ եղբայրական կապեր հաստատուած են հանգուցեալ Շէյխ Զայէտ պըն Սուլթան ալ Նահեանի օրերէն։ Ան հաստատեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները հաւասարակշռուած կեցուածք ունեցած եւ նեցուկ կանգնած են Սուրիոյ։
Իր կարգին Շէյխ Ապտալլա իր երկրին աջակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ, դիտել տալով, որ Սուրիոյ պատերազմը բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ արաբական բոլոր երկիրներուն վրայ։ Ան յոյս յայտնեց, որ Սուրիան նախագահ Ասատի ղեկավարութեամբ եւ ժողովուրդին աննկուն կամքով յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները։
Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ արաբական եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն շուրջ եւ որոշեցին տարբեր հարցերու գծով խորհրդակցութիւնները շարունակել՝ ի նպաստ երկու երկիրներու շահերուն, զերծ մնալով արտաքին միջամտութիւններէ։