Չորեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Իմարաթեան «Իթթիհատ» թերթը հաստատեց, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց եւ միջազգային յարաբերութիւններու նախարար Շէյխ Ապտուլլահ պըն Զայէտ ալ Նահեանի Դամասկոս այցը եւ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին հետ հանդիպումը կը վկայէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Սուրիոյ զօրավիգ կանգնելու պատրաստակամութիւնը։ «Իթթիհատ»ի խմբագիր Համատ Քաապի սուրիական պաշտօնական պատկերասփիւռային կայանին հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պատուիրակութեան Սուրիա պաշտօնական այցելութիւնը տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատումի առումով նոր հորիզոններ կը բանայ եւ կը շեշտէ մեր երկրին նախանձախնդրութիւնը՝ Սուրիոյ տագնապի լուծման սատարելու»։ Ան աւելցուց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները անհրաժեշտ կը նկատէ արաբական միասնութեան պահպանումը, եւ կը հաւատայ, որ Սուրիան անոր պահպանման գլխաւոր գործօնն է, թէ՛ քաղաքական, եւ թէ մշակութային մակարդակներով, շեշտելով, որ սուրիական տագնապը բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ արաբական բոլոր երկիրներուն վրայ։ Սուրիոյ Արաբական Լիկայի վերադարձին շուրջ, Քաապի յայտնեց, որ Սուրիան մինչեւ հիմա պէտք է վերադարձած ըլլար Արաբական Լիկա, սակայն պսակաձեւ ժահրի հետեւանքները արգելք հանդիսացան։ Քաապի եզրափակելով շեշտեց, թէ ժամանակը հասած է, որ Սուրիա իր նախկին քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային դերը վերականգնէ արաբական գետնի վրայ։