Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները հանդէս եկած են միատեղ յայտարարութեամբ՝ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի բնակչութեան դէմ ահաբեկչական գործողութիւններու շուրջ: 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան ընդունումէն անցած է մէկ տարի, սակայն ցայսօր կը շարունակուի Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ՝ անտեսելով եւ արհամարհելով Ռուսիոյ ուժերու խաղաղապահ առաքելութիւնը: Խուճապային մթնոլորտ ստեղծելու եւ Արցախի Հանրապետութիւնը հայաթափելու նպատակով ատրպէյճանական կողմը վերջին շրջանին սկսած է թիրախ դարձնել բնակավայրերն ու քաղաքացիական անձերը։ Անպատժելիութենէն ոգեւորուած՝ Ատրպէյճան 8 Նոյեմբերին զինուած ներթափանցում կատարելով, կրկին ահաբեկչութիւն իրականացուց ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Շուշի-Բերձոր ճանապարհահատուածի Շուշիի մօտակայքը ջրամատակարման աշխատանքներ կատարող քաղաքացիական անձերուն նկատմամբ, որուն հետեւանքով սպանուեցաւ 22-ամեայ երիտասարդ մը, 3 անձեր ալ հրազէնային վնասուածքներով հիւանդանոց փոխադրուեցան: Նման գործելաոճը կը վկայէ, որ հայրենիքի մէջ արցախահայութեան անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի իւրացումը կարելի է միայն Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման պարագային։ Խստօրէն կը դատապարտենք նման յանցաւոր արարքները եւ կը պահանջենք պատշաճ հետաքննութիւն եւ համարժէք քայլերու ձեռնարկում: Կոչ կ’ուղղենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին՝ դատապարտելու Ատրպէյճանի նման գործելաոճը, իսկ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն, ԱՀ զինեալ ուժերուն եւ այլ ուժային կառոյցներուն՝ քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ պարբերաբար իրականացուող ահաբեկչական գործողութիւնները կանխելու նպատակով դիմելու կոշտ միջոցներու։ ԱՀ ԱԺ «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն» խմբակցութիւն ԱՀ ԱԺ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն ԱՀ ԱԺ «Արդարութիւն» խմբակցութիւն ԱՀ ԱԺ «Միասնական Հայրենիք» խմբակցութիւն ԱՀ ԱԺ «Ազատ Հայրենիք — ՔՄԴ» խմբակցութիւն 10.11.2021թ