Աւելի քան տա­սը տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պը Սուր­ի­ան եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը դէմ յան­դի­ման դրաւ այն­պի­սի դժ­ուա­րին պա­հե­րու, որոնց հե­տե­ւան­քով մեր ժո­ղո­վուր­դը, պե­տու­թիւնը ընդ­հան­րա­պէս կը գտն­ուէ­ին իրենց գո­յու­թեան սպառ­նա­ցող վտան­գին առաջ:
Տագ­նա­պի տա­րաբ­նոյթ վտանգ­նե­րը յա­ռա­ջա­ցու­ցին ամէ­նօր­եայ մար­տահ­րա­ւէր­ներ, որոնց­մէ յաղ­թա­նա­կած դուրս գա­լը կը մնար մնա­յուն հրա­մա­յա­կան:
ՀՅԴ-ն տագ­նա­պի առա­ջին օրէն իսկ, յս­տակ դիր­քո­րոշ­մամբ ու պատ­մա­կան պա­հու ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ եւ ու­ժե­րու գեր­լա­րու­մով ստանձ­նեց սուր­ի­ա­հա­յու­թեան առ­ջեւ բարձ­րա­ցող սպառ­նա­լիք­նե­րուն դէմ պայ­քա­րե­լու առա­քե­լու­թիւնը: Միշտ հիմք ու­նե­նա­լով  Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը, սուր­ի­ա­կան սահ­մա­նադ­րո­ւթեամբ հաս­տատ­ուած Սուր­իոյ պե­տա­կա­նու­թեան եւ Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դին ար­ժա­նա­պա­տիւ եւ ինք­նիշ­խան ապ­րե­լու իրա­ւուն­քը:
Եւ այս­պէս ըն­թացք առաւ ծա­ւա­լուն աշ­խա­տանք:
Աշ­խա­տանք, ուր Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ու իր գա­ղա­փա­րա­կից երի­տա­սար­դու­թիւնը անձ­նու­րաց մղու­մով, սխ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հը բռ­նած, օրն ի բուն աշ­խա­տե­ցան ժո­ղո­վուր­դին առօր­եայ կա­րիք­նե­րը ապա­հո­վե­լու եւ հա­յա­հոծ թա­ղե­րու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւնը կազ­մա­կեր­պե­ցին ընդ­դէմ պատ­մա­կան թշ­նամի­ին կող­մէ հո­վա­նա­ւոր­ուած ահա­բեկ­չա­կան հրո­սա­կա­խում­բե­րուն:
ՀՅԴ-ն եղաւ դրօ­շա­կի­րը մի­աս­նա­կամ աշ­խա­տան­քին եւ յա­ջո­ղե­ցաւ ի մի բե­րել սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը՝ մի­ա­սին գոր­ծե­լու եւ դի­մագ­րա­ւե­լու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:
Այ­սօր, Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դին ու անոր պե­տա­կան բա­նա­կին շնոր­հիւ իրե­րա­յա­ջորդ յաղ­թա­նակ­նե­րով կա­րե­լի եղաւ մե­ծա­թիւ տա­րածք­ներ ազա­տագ­րել եւ զա­նոնք դարձ­նել պե­տու­թեան գե­րիշ­խա­նու­թեան ներ­քոյ:
Հե­ռա­ցան մեզ­մէ մա­հաս­փիւռ հրա­սանդ­ներն ու դի­պու­կա­հար­նե­րու չա­րա­բաս­տիկ փամ­փուշտ­նե­րը, վերջ տա­լով մեր առօր­եայ մղ­ձա­ւանջ­նե­րուն ու առիթ ըն­ծա­յե­լով վե­րար­ժե­ւո­րե­լու մեր իրա­վի­ճա­կը եւ որո­նե­լու մեր կո­րուստ­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու մի­ջոց­նե­րը:
Գա­ղու­թի ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծին պահ­պա­նու­մը, ստեղծ­ուած տն­տե­սա­կան ճգ­նա­ժա­մը, Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի վե­րամ­շա­կուող սահ­մա­նադ­րու­թիւնը, ազ­գա­յին միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մը ու բազ­մա­թիւ այլ օրա­կար­գեր խճո­ղե­ցին մեր առօր­եան:
Ար­դա­րեւ, անց­նող եր­կու տա­րի­նե­րը եղան գե­րա­զան­ցօ­րէն աշ­խա­տան­քի տա­րի­ներ, որոնց ըն­թաց­քին մեր ըն­կեր­նե­րը եր­բեմն ան­հա­տա­բար եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­ւա­քա­բար ան­սա­կարկ նուի­րու­մով իրենց ներդ­րու­մը բե­րին մեր ժո­ղո­վուր­դի խն­դիր­նե­րու լուծ­ման  եւ իղ­ձե­րու իրա­կա­նաց­ման գոր­ծին:
Եւ այս­պէս.
Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը նե­րառ­ուե­ցաւ Սուր­իոյ Կր­թու­թեան Նա­խա­րա­րու­թեան պե­տա­կան դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ, եր­կար տա­րի­նե­րու Հայ Դա­տի իրե­րա­յա­ջորդ յանձ­նա­խում­բե­րու, հայ երես­փո­խան­նե­րու եւ հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու ծա­ւա­լած քա­րոզ­չա­կան, յա­րա­բե­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու որ­պէս ար­դիւնք՝ Սուր­իոյ Խորհր­դա­րա­նին կող­մէ հաս­տատ­ուե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը եւ դա­տա­պար­տու­մը՝ ամ­րագր­ուե­ցաւ Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դին ակա­նա­տե­սի վկա­յու­թիւնը ընդ­դէմ ցե­ղաս­պան ոճ­րա­գոր­ծին:
Վե­րամ­շա­կուող Սուր­իոյ Սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ հա­յու­թեան ներ­կա­յու­թիւնը առա­ւել եւս հաս­տատ­ուած տես­նե­լու հա­մար մեր ուղ­ղու­թիւնը եղաւ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան հա­ւա­սար պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ իրա­ւունք­նե­րու հաս­տատ­ման շր­ջա­գի­ծին մէջ տես­նել՝ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան կեն­սու­նակ յա­րա­տե­ւու­մի ու ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի պահ­պան­ման երաշ­խի­քը:
Մեկ­նե­լով մեր քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, հա­յու­թեան նե­րու­ժի  ներ­կա­յաց­ման լա­ւա­գոյն առի­թը նկատ­ուե­ցաւ սուր­ի­ա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան վեր­ջին ընտ­րու­թիւնը: Մեր հա­մա­կիր­նե­րուն պար­տա­ճա­նաչ ու գի­տա­կից մաս­նակ­ցու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ մեր ըն­կեր­նե­րուն կազ­մա­կերպ­ուած ու կար­գա­պահ աշ­խա­տան­քը, գոր­ծին հան­դէպ ու­նե­ցած հա­ւատքն ու յանձ­նա­ռու­թիւնը, քա­րոզ­չա­կան ու յա­րա­բե­րա­կան աշ­խու­ժու­թիւնը պսակ­ուե­ցան իւ­րա­յա­տուկ յաղ­թա­նա­կով մը:
Այ­սօր, Սուր­իոյ Խորհր­դա­րա­նէն ներս սուր­ի­ա­հայ ժո­ղո­վուր­դը կը ներ­կա­յաց­նեն երեք հայ երես­փո­խան­ներ, որոնց հետ խորհր­դա­րա­նէն ներս սուր­ի­ա­կան եւ հայ­կա­կան հար­ցե­րու ար­ծար­ծու­մին հա­մար գոր­ծակ­ցու­թեան գծով կը մնանք նա­խան­ձախն­դիր:
Պսա­կա­ձեւ ժահ­րը իր կար­գին եկաւ բար­դաց­նե­լու ար­դէն տագ­նա­պի հետ­քե­րը դեռ չթօ­թա­փած ինչ­պէս Սուր­իոյ, այն­պէս ալ հա­յու­թեան կեան­քը:
Թա­գա­վա­րակի մա­հաս­փիւռ վտան­գը հարկ էր դի­մադ­րել ստեղ­ծե­լով բու­ժօգ­նու­թեան կեդ­րոն­ներ, տրա­մադ­րե­լով հա­մա­պա­տաս­խան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ:
Այս ամ­բող­ջը միայն բա­ժին մըն է այն բազ­մա­տե­սակ աշ­խա­տանք­նե­րու, որոնք կա­տար­ուե­ցան մեր յա­րա­կից միու­թիւն­նե­րուն ու կա­մա­ւոր հա­մա­կիր­նե­րուն ջան­քե­րով:
Սա­կայն այս բո­լո­րին կող­քին մե­ծա­գոյն մտա­հո­գու­թիւնը կը մնար Սուր­իոյ հա­յա­հոծ շր­ջան­նե­րուն մէջ հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու ամ­րապն­դու­մը ու անոնց վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը՝ մշա­կու­թա­յին, բա­րե­սի­րա­կան, մար­զա­կան եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս գոր­ծող հայ հա­ւա­քա­կան կեան­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման թափ տա­լով:
Տագ­նա­պին հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած մար­դու­ժի նօս­րա­ցու­մը հա­յութ­եան կ’առաջ­նոր­դէր դէ­պի վա­տա­գոյն եւ ան­դառ­նա­լի հե­տե­ւանք­նե­րով լի ապա­գայ:
Հարկ էր աշ­խու­ժաց­նել սուր­ի­ա­հա­յու­թեան եր­բեմ­նի ազ­գա­յին մի­ջա­վայ­րը՝ նե­րա­ռե­լով նո­րա­նոր ու­ժեր, որոնք փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգե­լով  պի­տի ստանձ­նեն ազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ: Այս է մի­ակ ճա­նա­պար­հը, որ կ’ապա­հո­վէ գա­ղու­թին հայ­կա­կան դի­մա­գի­ծի եւ էու­թեան պահ­պա­նու­մը:
Մեր յոյ­սե­րը ի դե­րեւ չե­լան եւ մեր միու­թիւն­նե­րը օր ըստ օրէ աւե­լի աշ­խու­ժա­նա­լով հա­մալր­ուե­ցան նոր ու­ժե­րով:
Այս բո­լո­րին զու­գա­հեռ անն­կատ չէ­ին մնա­ցած Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի երկ­նա­կա­մա­րին կու­տա­կուող սեւ ամ­պե­րը, թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան դաշ­նու­թիւնը, մին­չեւ ատամ­նե­րը սպա­ռա­զին­ուած ոճ­րա­գոր­ծին ծա­նօթ յո­խոր­տան­քով կը սպառ­նա­յին Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն:
Եւ չու­շա­ցաւ մար­դա­կեր գա­զան­նե­րու գրո­հը  հայ­րե­նի Ար­ցախ:
Մե­ծա­գոյն մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ կազ­մա­կերպ­ուե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Թուրք­իոյ դէմ դա­տա­պարտ­ման ցոյ­ցեր, մշակ­ուե­ցան դիւա­նա­գի­տա­կան առա­քե­լու­թիւն­ներ՝ տար­բեր կող­մե­րու բա­ցատ­րե­լու ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մին վտան­գա­ւոր հե­տե­ւանք­ներն ու Թուրք­իոյ հա­մա­թու­րա­նա­կան նկր­տում­նե­րը:
Կր­կին աշ­խար­հը ցոյց տուաւ մարդ­կա­յին ան­զօ­րու­թիւնը քա­ղա­քա­կան դա­ւադ­րանք­նե­րուն դի­մաց:
Դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծով ու փորձով «միայն զէն­քով կայ հա­յոց փր­կու­թիւն»ը առա­ւել իմաս­տա­ւոր­ուե­ցաւ, երբ դարձ­եալ հա­յու­թիւնն ու հայ­րե­նի Ար­ցա­խը յանձն­ուե­ցան իրենց ճա­կա­տա­գի­րին:
Հայ­րե­նի­քի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի կան­չը Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փար­նե­րով սն­ուած ու անոր պատ­մա­կան առա­քե­լու­թեան գի­տա­կից եւ նախ­նի­նե­րու ժա­ռան­գը պա­հած մե­ծա­թիւ դաշ­նակ­ցա­կան­ներ մղեց դէ­պի հայ­րե­նի հող, օր­հա­սա­կան այդ պա­հե­րուն կանգ­նե­լու հա­մար ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կող­քին: Անոնք փու­թա­ցին կա­մա­ւոր ու ան­կեղծ զի­նուո­րի անձ­նա­զո­հու­թեան գե­րա­գոյն նուի­րու­մով:
Հոն էր նա­եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը, դաշ­նակ­ցա­կան մեր ըն­կեր­նե­րը հա­ւա­տա­րիմ իրենց ուխ­տին, այն­պէս ինչ­պէս Հա­լէ­պի հա­յա­հոծ թա­ղե­րու պաշտ­պա­նու­թիւնը ստանձ­նած էին, այս ան­գամ նոյն վարձ­կան­նե­րուն դէմ դրին Շու­շի մա­տոյց­նե­րուն վրայ, հա­յուն պատ­ուա­բեր նա­հա­տա­կու­թեամբ գր­կե­ցին մա­հը, ու իրենց հո­գի­նե­րը ճախ­րե­լով Շուշիի երկ­նա­կա­մա­րին մի­ա­ցան իրենց ներշն­չու­մը հան­դի­սա­ցող Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցութ­եան նա­հա­տակ­նե­րու փա­ղան­գին:
Փա՜ռք ձեզ նման­նե­րը ծնող­նե­րուն, սի­րե­լի՛ ըն­կեր­ներ:
Փա՜ռք Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան, որ ձեր նա­հա­տա­կութ­եամբ առա­ւել պայ­ծա­ռա­ցաւ:
Փա՜ռք հայ ժո­ղո­վուր­դին ու անոր հայ­րե­նի­քին՝ Ազատ, Ան­կախ ու Մի­աց­եալ Հա­յաս­տա­նին: