Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան շա­հե­րը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին պահ­պան­ուած են տա­րա­ծաշր­ջա­նի դաշ­նա­կից­նե­րուն, արեւ­մտ­եան եւ արե­ւել­եան եր­կիր­նե­րու հետ հա­ւա­սա­րակշռ­ուած յա­րա­բե­րու­թեանց շնոր­հիւ: Կա­րե­լի չէ պատ­կե­րաց­նել Հա­յաս­տա­նի ապա­հո­վու­թիւնը՝ առանց տա­րա­ծաշր­ջա­նի գեր­պե­տու­թիւն­նե­րու հետ հա­ւա­սա­րակշռ­ուած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, դիւա­նա­գի­տա­կան գերզ­գա­յուն յա­րա­բե­րու­թեան պահ­պան­ման:
Արեւ­մուտ­քի հետ եւս Հա­յաս­տան տա­րի­ներ շա­րու­նակ պահ­պա­նած է դրա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, ստո­րագ­րած է գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր, նկա­տի ու­նե­նա­լով Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա աշ­խար­հագ­րա­կան առն­չու­թիւն­ներն ու քա­ղա­քա­կան փո­խազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը: Այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հան­րա­գու­մա­րին շնոր­հիւ նա­եւ պահ­պան­ուած են Ար­ցա­խի ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րով ձեռք­բեր­ուած ան­կա­խու­թիւնն ու հա­մե­մա­տա­կան ապա­հո­վու­թիւնը:
Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ներ­կայ զար­գա­ցում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, ՆԱ­ԹՕ-ն Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ Թուրք­իոյ մի­ջամ­տու­թեամբ ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նե­լու եւ ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը տկա­րաց­նե­լու ճի­գին մէջ է վեր­ջերս, առանց նկա­տի ու­նե­նա­լու Թուրք­իոյ փան­թուր­քա­կան ծրա­գիր­նե­րը, որոնց քո­ղարկ­ուած զար­գա­ցու­մով, Թուրք­ի­ան ՆԱ­ԹՕ-ն եւս շր­ջան­ցե­լով թր­քա­ցեղ եր­կիր­նե­րու մի­աց­ման ու տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ գեր­պե­տու­թեան վե­րած­ուե­լու կը ձգ­տի:
Հա­յաս­տա­նի դէ­պի արեւ­մուտք կտ­րուկ թե­քումն ու ռու­սա­կան գոր­ծօ­նին ան­տե­սու­մը, այդ ալ թր­քա­կան ներ­կա­յու­թեան զար­գաց­ման հա­շուոյն, բա­րի դրաց­ի­ա­կան սին հե­ռան­կար­նե­րով, պատ­ճառ դար­ձաւ ու պի­տի դառ­նայ Հա­յաս­տա­նի ինքն­իշ­խա­նու­թեան աս­տի­ճա­նա­կան կո­րուս­տին, տա­րածք­նե­րու բռ­նագ­րաւ­ման ատր­պէյ­ճա­նա-թր­քա­կան ու­ժե­րու կող­մէ: Աւե­լին. ինք­նիշ­խան Հա­յաս­տա­նի ազատ շար­ժու­մը, իր աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դիր­քին ի նպաստ հայ­կա­կան շա­հե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի նսե­մա­նան, որով­հե­տեւ ան­տե­սե­լով որոշ ու­ժեր եւ թե­քե­լով այլ ու­ժե­րու կողմ Հա­յաս­տան պի­տի դառ­նայ մր­ցա­կից ու­ժե­րու շա­հե­րու բախ­ման զո­հը: Ար­ցա­խի 75 առ հա­րիւ­րին կո­րուս­տը, Հա­յաս­տա­նի վեր­ջերս ու­նե­ցած մէ­կէ աւե­լի դիր­քե­րու կո­րուս­տը այդ կը վկա­յեն:
Աւե­լին. Գեր­պե­տու­թիւն­նե­րու հետ հա­ւա­սա­րակշռ­ուած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րե­լու կող­քին, այն­քան ան­տես­ուած կը թուին ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի ու­ժե­րուն պատ­րաստ­ուա­ծու­թիւնն ու գեր­լա­րու­մը: Սպա­նե­րու հրա­հանգ­ներ կը տր­ուին նա­հան­ջե­լու, թշ­նամի­ին կրա­կոց­նե­րուն չհա­կա­դար­ձե­լու, խա­ղա­ղու­թեան սին յոյ­սեր կը փայ­փայ­ուին մեր երկ­րի տա­րածք­նե­րու կո­րուս­տին հա­շուոյն եւ այս­պէս քայլ առ քայլ կը չքա­նայ սե­փա­կան ու­ժե­րու վս­տա­հե­լով ճա­կա­տա­գիր կեր­տե­լու հե­ռան­կա­րը:
Այս ըն­թացքն է ամէ­նէն վտան­գա­ւո­րը, որուն հե­տե­ւանք­նե­րուն օրէ օր ակա­նա­տե­սը կը դառ­նանք գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու պա­տե­հա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հետեւանքով:
Ո՛չ օտա­րը հա­յուն հո­ղը պի­տի պաշտ­պա­նէ, ոչ ալ յար­ձա­կո­ղա­պաշտ անց­եա­լով ծա­նօթ Հա­յաս­տա­նի դրա­ցի­նե­րը զի­ջում­նե­րու դի­մաց խա­ղա­ղու­թիւն պի­տի նուի­րեն մեր երկ­րին: Պատ­մու­թեան մէջ այս եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը ար­ձա­նագր­ուած են: Խա­ղա­ղու­թիւնը ոչ ոք կը նուի­րէ Հա­յաս­տա­նին իր որ­դի­նե­րէն բա­ցի, իսկ Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րուն հա­շուոյն քա­ղա­քա­կան ուղ­ղու­թիւն փո­խե­լը քա­ո­սի կր­նայ վե­րա­ծել մեր եր­կիրն ու անոր ապա­հո­վա­կան ողջ հա­մա­կար­գը: