“Երկիր”._17 Նոյեմբերի երեկոյեան, Ռուսիոյ հարաւային շրջանի զինուորական հրամանատարի տեղակալ, զօրավար Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ, յատուկ թռիչքով Պաքուէն Երեւան տեղափոխուած է 16 Նոյեմբերին ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին մէջ ատրպէյճանական զինեալ ուժերու սադրանքէն վերջ տեղի ունեցած մարտերու ընթացքին զոհուած ՀՀ զինուորական ծառայողին մարմինը։ Այս մասին յայտնած են ՊՆ-էն։ 17 Նոյեմբերին զօրավար Ռուստամ Մուրատովը ընդունած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան: Հանդիպումին ընթացքին ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է նախորդ օրը ծաւալած մարտերուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ տուեալներ հաղորդած է գերեվարուած հայ զինուորական ծառայողներու մասին: Համաձայնած են շարունակելու աշխատանքները գերեվարուած զինուորական ծառայողներու վերադարձին եւ մարտի հետեւանքով անյայտ կորած զինուորական ծառայողներու յայտնաբերման համար: