Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Թարթուս, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Թաղականութեան եւ անոր ատենապետ Աւետիս Քուրթուքեանի կողմէ: Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան։
Ուրբաթ առաւօտուն, Թարթուսի յոյն ուղղափառ համայնքի «Մար Տանիէլ» եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։ Ներկայ էին Թարթուսի թաղականութիւնը եւ անոր ատենապետ Աւետիս Քուրթուքեանը, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վահէ Կարճիկեանը եւ Թարթուսի մեր ժողովուրդի զաւակները: Օրուան Պատարագիչն էր՝ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան:
Սրբազան Հայրը քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ամենայն սրբոց տօնին, յայտնելով, որ «Վարք Սրբոց»էն կ’իմանանք, որ սուրբերը շուքի տակ ապրած եւ քրիստոնէական հաւատքին համար հալածանքի ենթարկուած Աստուծոյ ծառաներն են, որոնք իրենց կեանքերը նուիրաբերած են Ամենակալին։ «Եկեղեցին մէկ է իր գլուխով՝ Քրիստոսով, նաեւ իր սուրբերով: Հետեւաբար սուրբերը այսօր մեզ կը միացնեն եկեղեցւոյ եւ անոր հիմնադիրին՝ Քրիստոսին: Սուրբերը աշխարհի մէջ մահացան՝ դրախտային հանդերձեալ կեանքի յոյսով», ընդգծեց ան:
Սուրբերուն աղօթական կեանքը բնութագրելով, Մասիս եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ անոնց կեանքը կը բնորոշուի պահեցողութեամբ, ապաշխարութեամբ, հաղորդութեամբ եւ աղօթքով:
Սրբազանը յիշեց, թէ եկեղեցին իր ողջ պատմութեան ընթացքին ունեցած է այր թէ կին, տարեց թէ փոքր սուրբեր, որոնց առաջինը եղած է երիտասարդ տարիքի սուրբ Ստեփանոսը, իսկ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջինը եղած է սրբուհի Սանդուխտ կոյսը: Ան նշեց, թէ հայոց պատմութեան մէջ սրբութեան մեծագոյն օրինակը կը պարզեն Տէր Զօրի անապատներուն մէջ առաւել քան մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակները, որոնք հաւաքական նահատակութեամբ իրենց կեանքերը ընծայաբերեցին ազգին եւ հայրենիքին ազատութեան եւ պաշտպանութեան համար:
Ան եզրափակեց ըսելով. «Այսօր օրն է յիշելու եւ մեծարելու մեր բոլոր սուրբերը եւ անոնց նման հաւատքով ապրելու, սէր տարածելու եւ սիրով, քաջութեամբ եւ իմաստութեամբ զինուելու»:
Սրբազան Հայրը քարոզի աւարտին ողջունեց ներկաները, գնահատեց Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւին եւ Թարթուսի թաղական խորհուրդին ծառայութիւնը եւ հաւատացեալները յորդորեց, որպէսզի մեր սուրբ նախնեաց նման տէր կանգնին քրիստոնէական հաւատքին եւ մեր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն:
Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի, ինչպէս նաեւ Շուշիի մէջ նահատակուած սուրիահայ երեք նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Պատարագէն ետք, Թարթուսի հայկական կեդրոնէն ներս Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն հայութեան հետ, ներկայութեամբ Թարթուսի թաղականութեան ատենապետ Աւետիս Քուրթուքեանի եւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վահէ Կարճիկեանի։ Հովուական այցելութեան առիթով Արժ․ Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Քէօշկէրեանը թաղական խորհուրդին եւ թարթուսահայութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ ողջունեց անոր օրհնաբեր այցելութիւնը։
Սրբազան Հայրը մօտէն ծանօթացաւ թարթուսահայութեան դժուարութիւններուն եւ լսեց անոնց առաջարկները։
Յիշենք, որ աւանդութիւնը պահելով, դէպի Լաթաքիա հովուական իր առաքելութեան եւ Ս. Աստուածածինի ուխտի օրուան պատարագէն առաջ, Սրբազան Հայրը այցելութիւն կու տայ նաեւ թարթուսահայութեան:
Սրբազան Հայրը նոյն օրը պիտի մեկնի Քեսապ, ուր պիտի հանդիպի Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ շրջանի պատասխանատուներուն հետ:
Շաբաթ եւ Կիրակի, Սրբազան Հայրը պիտի գտնուի Լաթաքիոյ մէջ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով պիտի պատարագէ: