20 Նոյեմբեր 2021_ի երեկոյեան, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս հանդիպած է ՀՅԴ կոմիտէութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպումի ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան խօսած է Դիմադրութեան շարժումի գործընթացի մեկնարկին, տարուած կազմակերպական աշխատանքներուն եւ համազգային դիմադրութիւն ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին։ Քննարկուած են ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր եւ պարզաբանուած են այդ հարցերու մէջ ՀՅԴ_ի դիրքորոշումը։