Շաբաթ, 20 Նոյեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Սուրիոյ պատմութեան մէջ աննախընթաց քայլով մը, Դամասկոսի մէջ Աստուածաբանութեան առաջին Հիմնարկին բացումը կատարուեցաւ, ներկայութեամբ՝ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Պատրիարք Իւսէֆ Ա. Ապսիի, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահական հարցերու պետական նախարար Մանսուր Ազզամի, Սուրիոյ բարձրագոյն գիտութեան նախարար Պասսամ Իպրահիմի, կղերականներու, տեղեկատուական եւ մշակութային գործիչներու։ Պատրիարք Ապսի շեշտեց, որ Աստուածաբանութեան հիմնարկին բացումը իրականացաւ Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Պաշշար ալ Ասատին հրապարակած հրամանագիրով եւ Սուրիոյ Առաջին Տիկին՝ Ասմա Ասատի քաջալերանքով։ Ան աւելցուց, որ Հիմնարկին բացումը փաստ է, որ մենք պիտի շարունակենք տարիներ առաջ սկիզբ առած մեր աշխատանքը եւ նուիրումը Սուրիոյ մէջ։ Սուրիան, հակառակ իր անոր դիմագրաւած դժուար պայմաններուն, կը շարունակէ ընկերութեան նուիրել ուսեալ, զարգացած եւ ստեղծագործ տարրեր։ Իր կարգին նախարար Իպրահիմ յայտնեց, որ Աստուածաբանութեան հիմնարկին բացումը իրականացաւ երկրին մէջ տիրող դժուար պավմաններու լոյսին տակ, սուրիական ճիգերով եւ սուրիական դասաւանդող կազմերով։ Ան աւելցուց, որ այս քայլը կրօնական դաստիարակութեան ծիրէն ներս հոգեւոր մարդուժ պիտի պատրաստէ, որուն Սուրիան այնքան կարիքը ունի այս օրերուն։