Վեց երկար ամիսներու տքնաջան աշխատանքէ ետք եկաւ սպասուած օրը:
Շաբաթ, 20 Նոյեմբեր 2021-ին, Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երկրորդ կեդրոնի սրահին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, ՀԲԸ Միութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետին, Գամիշլիի, Քեսապի եւ Եագուպիէի ՀԲԸՄ-ի վարչութեանց ներկայացուցիչներու եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներու, որոնք դիմաւորուեցան ՀԲԸՄ-ի փողերախումբին կողմէ հնչած Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ՀԲԸ Միութեան եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներով, որմէ ետք խօսք առաւ ՀԲԸՄ-ի Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի ատենապետ բժ. Նիգոլ Մէտէնի: Պարոն ատենապետը իր խօսքը սկսաւ բացատրելով, թէ այսօրուան տօնակատարութեան նպատակը ՀԲԸՄ-ի պատմականը ներկայացնել չէ, այլ շեշտել միութեան դերը, որ միշտ եղած է պահպանել հայկական արմատները, հայերէնը եւ մշակոյթը:
Խօսք առաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ տիար Ներսէս Ներսոյեան: Ան հակիրճ պատմական ներկայացուց, յայտնելով, որ Լաթաքիոյ մասնաճիւղը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 94-րդ տարեդարձը, յիշելով, որ չորս սերունդներու անձնուէր կազմը ծառայած է ժողովուրդին եւ սուրիական հայրենիքին: Այս առիթով, պարոն Ներսոյեան փոխանցեց ՀԲԸՄ-ի նախագահ պարոն Պերճ Սեդրակեանին ողջոյններն ու շնորհաւորական խօսքը: Ան շեշտեց, որ ՀԲԸՄ-ը ոչ պետական ամէնէն մեծ կազմակերպութիւնն է աշխարհի մէջ, որ մարդկային եւ բարեսիրական առաքելութեան կողքին ունի նաեւ ազգային, գիտական, կրթական, արուեստի եւ մշակութային այլ գործունէութիւններ: Պարոն Ներսոյեան մէջբերում կատարեց ՀԲԸՄ-ի հիմնադիր Պօղոս Նուպար Փաշայի խօսքը ըսելով, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երկարատեւ եւ ժրաջան գոյութիւնը նոր եւ փայլուն ապացոյցը կը կազմէ մեր ցեղին կենսունակութեան:
Հանդիսութեան փակման խօսքը արտասանեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան: Ան շնորհաւորեց եւ ողջունեց բոլոր ներկաները շեշտելով, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը հայութեան ազգային կեանքին եւ սրտին մէջն է:
Նշենք, որ հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, պատրաստուած ՀԵԸ-ի կողմէ, բեմավարութեամբ՝ տիկ. Տիանա Մինասեան-Մէտէնիի, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հետեւեալ յայտագիրով.- մեներգ՝ եղբ. Ներսէս Ներսոյեան, մեներգ՝ քոյր Ալին Զարիկեան, ասմունք՝ քոյր Կալին Գալայճեան, ասմունք՝ քոյր Լենա Հէքիմեան, ասմունք՝ քոյր Ռաշէլ Մէտէնի եւ ասմունք՝ քոյր Դալար Աւետիս եւ եղբ. Ճորճ Մէտէնի:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ կարկանդակի հատումով եւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ:
Նոր այս կառոյցով կը մաղթենք, որ ՀԲԸ Միութեան նոր սրահը ինչպէս որ է արդէն, մնայ՝ մեր երէցները, երիտասարդները ու մանուկները համախմբող գեղեցիկ, շէն, ապահով մեծ հովանին:
Բարի երթ Լաթաքիոյ ՀԲԸՄիութեան նորանոր նուաճումներ եւ վերելքներ: