Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Ալճերիոյ նախագահ Ապտուլ Մաճիտ Թապպուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ հաւանական է, որ Սուրիոյ ներկայացուցիչը ներկայ գտնուի Արաբական Լիկայի անդամ պետութիւններու յառաջիկայ խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Ալճերիոյ մէջ։ Ան շեշտեց, որ Ալճերիոյ փափաքն է, որ սոյն խորհրդաժողովը արաբական երկիրներու միացման խորհրդաժողով ըլլայ, ներկայութեամբ Սուրիոյ Հանրապետութեան ներկայացուցիչին։ Նախօրօք, Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռամթան Լմաամրա յայտարարեց, որ Սուրիոյ ներկայացուցիչին Արաբական Լիկայի խորհրդաժողովին ներկայութիւնը արաբական երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններու արդիւնքէն կախեալ է։ Ան յոյս յայտնեց, որ բանակցութիւններուն արդիւնքը ըլլայ դրական եւ Սուրիա վերականգնէ իր անդամակցութիւնը Արաբական Լիկային։