«Երկիր Մետիա».-Ճակատէն-կապան ճամբուն ատրպէյճանական սահմանային ու մաքսային վերահսկողութեան պատճառով մարդիկ շարք մը գիւղերու մէջ ունին բազմաթիւ հարցեր: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը այցելութիւն տուած է Սիւնիքի մարզ եւ վեր առած է  շարք մը հարցեր:

Ան անդրադարձած է Ճակատէնի առկայ իրավիճակին, ուր բնակիչի մը տունը ատրպէյճանական դիտակէտի նշանառութեան տակ է, առկայ է նաեւ ջրամատակարարման հարց, որովհետեւ ատրպէյճանական կողմը անջատած է այդ ընտանիքին հասանելի ջուրը: Ճակատէնի բնակիչ Գէորգ Աւագեան իր մեքենայով երթեւեկի ծառայութիւն կը մատուցէ Կապանի մէջ: Այս աշխատանքը անոր ընտանիքի եկամուտի աղբիւրն է: Կապան-ճակատէն ճամբուն ատրպէյճանական բացարձակ անհիմն, այսպէս կոչուած՝ սահմանային ու մաքսային վերահսկողութեան պատճառով ան չի կրնար մեկնիլ իր ամէնօրեայ աշխատանքին:

Շրջանցող նոր ճամբով կարելի չէ նոյն աշխատանքը տանիլ, որովհետեւ ճամբան անցնիլը չափազանց բարդ է, աշխատանքի ժամերուն համաձայն` բացարձակ անյարմար է, եւ այս ամէնը իր աշխատանքը դարձուցած են անեկամտաբեր: Մարդը պարզապէս զրկուած է իր եւ ընտանիքի ապրուստը հոգալու կարելիութենէն:

Շիկահող եւ Ճակատէն գիւղերուն մէջ առկայ են գիւղատնտեսական հարցեր, օրինակ` ընկոյզի համար տարբեր գնորդներ կու գային Շիկահող, իսկ ճամբան փակուելէն վերջ անոնք չեն կրնար երթալ, քանի որ անանցանելի է այլընտրանքային ճամբան: Շիկահողի բնակիչներէն մէկուն երեխաները ճամբու պատճառով չեն կրնար հասնիլ Կապան կրկնուսոյցի մօտ, իսկ միւս երեխան քոլէժ, այս պատճառով ալ  ուսուցումը կազմակերպուած է: Այլընտրանքային ճամբով կարելի չէ կազմակերպել երեխայի բնականոն տեղաշարժը:

ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանին համար ակնյայտ է, որ իրականութեան մէջ, ճամբաներու ապաշրջափակման պատրուակով ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը վարեն ՀՀ քաղաքացիական բնակավայրերու մեկուսացման ու մարդասիրական հարցեր յառաջացնող նպատակային քաղաքականութիւն. Սիւնիքի մէջ Գորիս-Կապան ճանապարհին 11 Նոյեմբեր 2021-էն ի վեր յայտարարուած ատրպէյճանական սահմանային ու մաքսային վերահսկողութիւնը որեւէ կապ չունի անոր նպատակներուն հետ: Ուստի, ելքը յստակ է` ատրպէյճանական զինուած կամ այլ ծառայողներ մեր համայնքներու մօտ կամ համայնքներու միջեւ ճամբուն վրայ պէտք չէ ըլլան, պէտք է ստեղծուի անվտանգութեան ապազինուորական գօտի:

Թաթոյեան նաեւ փաստահաւաք  իրականացուցած է  քանի մը գիւղերու մէջ, մասնաւորապէս Սրաշէն, Ներքին Հանդեւ եւ Ծաւ գիւղերու մէջ, նաեւ քննարկումներ կատարած է տեղւոյն բնակիչներուն հետ: Ծաւ գիւղի մէջ գործող հացի արտադրամասը, որ արտադրանքը կ’իւրացնէր ինչպէս յարակից գիւղերու մէջ, այնպէս ալ Կապան քաղաքի մէջ, ստիպուեր է 50%-ով կրճատել արտադրանքի ծաւալները, որուն հետեւանքով խնդիրներ  առաջացած են նաեւ աշխաատողներու աշխատավարձերուն նկատմամբ:

Առկայ են նաեւ հրատապ բուժօգնութեան իրաւունքի խաթարման դէպքեր: Հարցը աւելի սրած է, որովհետեւ բնակավայրերու մէջ կ’ապրին նաեւ տարեցնէր, հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր, որուն առողջութեան պահպանումը, յատկապէս կը պահանջէ հրատապ արձագանգ, դեղորայքի արագ մատակարարում եւ անհրաժեշտութեան պարագային` անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրում: Թէեւ Շիկահողի մէջ կը գործէ բժշկական շտապ օգնութիւն, ուր կայ բուժքոյր եւ իւրաքանչիւր գիւղ ունի բուժակ կամ բուժքոյր, բայց բուժօգնութեան լուրջ հարցերը չեն լուծուած. Հիւանդանոց երթալու համար մարդիկ պէտք է 3-3,5 ժամ ճամբայ անցնին, որպէսզի Մեղրիով հասնին Կապան:

Սիւնիք այցելութեան աւարտին Արման Թաթոյեան ընդգծած է` ոչ ոք իրաւունք ունի անտեսելու մարդու իրաւունքներու մարդասիրական հարցերը սահմաններու որոշման հետ կապուած գործընթացին մէջ: