«Ապառաժ».-Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութեան համանախագահ Յակոբ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` ուղղուած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն խորհրդաժողովին.
«Ուրախ եմ, որ նման նախաձեռնութիւն այսօր կ’իրականացուի Ստեփանակերտի մէջ: Տասնամեակներ շարունակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կառոյցները, Հայ Դատի գրասենեակները անգնահատելի աշխատանք կատարած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի հանրապետութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ որեւէ համահայկական նշանակութեան ունեցող հարցերուն մէջ:
Բնական է, որ տասնամեակներ շարունակ իւրաքանչիւր փուլին փոխուած են այդ գործունէութեան ռազմավարական եւ մարտավարական ուղղութիւնները: 44-օրեայ պատերազմէն վերջ մենք, ցաւօք սրտի, յայտնուեցանք նոր փուլի մէջ` նահանջի առումով, եւ կը կարծեմ, որ մենք այստեղ նոյնպէս ունինք նմանատիպ հարցեր: Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բարբարոս ուժերը, օգտագործելով բոլոր տեսակի արգիլուած, միջազգային հանրութեան կողմէն չթոյլատրուող զէնք-զինամթերքները, Արցախի մէջ ոճրագործութիւն մը իրականացուցին, որուն միջազգային հանրութիւնը այնքան ալ մեծ ուշադրութիւն չդարձուց: Հետեւաբար մենք այսօր ունինք Արցախի տարածքի 70%-էն աւելի բռնագրաւում:
Այսօր մենք Արցախի մէջ հարց ունինք խօսելու հայու ապրելու իրաւունքի մասին, ուստի նմանատիպ հանդիպումները, ժողովները Ստեփանակերտի մէջ կատարելը Արցախի մէջ բնակուողին համար յոյսի շող մըն է, որ ամէն ինչ վերջացած չէ: Ուստի ես «Արդարութիւն» կուսակցութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ մենք նոյնպէս կը մասնակցինք այս նախաձեռնութեան, կը ցանկամ բարեբեր աշխատանքներ եւ նմանատիպ գործողութիւններու շարունակականութիւն»: