2 Դեկտեմբերին Արցախի մէջ շարունակուած ՀՅԴ Հայ Դատի եւ յանձնախումբերու խորհրդաժողովի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր խաչատուրեան խօսած է խորհրդաժողովի աշխատանքներուն հիմնական ուղղութիւններուն մասին.
«Յետպատերազմեան այս շրջանին կայ ընդհանուր ընկճուածութիւն: Այդ ընկճուածութիւնը եւ՛ հայրենի զանգուածներուն մօտ է, եւ՛ զգալի է յատկապէս Սփիւռքիպարագային : Մեզի համար ընդունելի չէ այս երեւոյթը, եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ Դատի կառոյցները, մեր բոլոր շարքերով ու համակիրներով պիտի աշխատինք, որպէսզի դուրս գանք այդ հոգեբանական ընկճուածութենէն: Մեզի համար այդ էջը փակուած է:
Հիմա ժամանակն է յաւելեալ թափով աշխատանքներուն լծուելու եւ յառաջ երթալու մեր չորս հիմնական նպատակներուն ուղղութեամբ: Այդ չորս նպատակները Հայ Դատի ոլորտին մէջ հետեւեալ ձեւով կը սահմանենք. առաջինը մեր հայրենիքի իրազեկման հարցն է, լոպպինկի հարցը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման եւ միջազգային հեղինակութեան բարձրացման հարցը: Երկրորդը մեր շատ սիրելի Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ որ կարելի չէ, ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւորման հարցն է, նաեւ` Արցախի օժանդակութեան ծրարը: Երրորդը` Հայ Դատի դասական օրակարգն է` Ցեղասպանութեան ճանաչման, հետեւանքներու վերացման եւ պահանջատիրութեան իմաստով: Չորրորդը` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցն է, ուր ալ գտնուինք` հայապատկան հողերու վրայ, թէ տարբեր երկիրներու մէջ: Կարեւոր է նաեւ մեր երիտասարդութեան քաղաքականացման հարցը, անհրաժեշտ է, որ տարբեր երկիրներու մեր երիտասարդները մասնակցին քաղաքական կեանքին, ու նաեւ փորձենք տեղ-տեղ ,բերդը գրաւել ներսէն»:
Մեր խորհրդաժողովի օրակարգին առիւծի բաժինը Արցախն էր: Պատերազմէն վերջ մենք մշակած ենք յատուկ ուղեգիծ, երկու առցանց խորհրդաժողով ունեցած ենք: Նախորդ` 2020-ին խորհրդաժողովն ալ Արցախի մէջ կայացաւ: Այն ատեն տակաւին կանխատեսելի չէր պատերազմը, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիան իրենց ահաբեկիչ շրջանակներով սանձազերծեցին Արցախին եւ Հայաստանին նկատմամբ: Բայց այդ ժողովի ընթացքին մենք դրինք Արցախի համար տարուելիք աշխատանքներուն հիմքերը: Ուղեցոյց ունէինք, բայց պատերազմէն վերջ զայն թարմացնելու, աւելի նպատակայարմար դարձնելու, թիրախաւորելու կարիք կայ:
Այդ աշխատանքը սկսած ենք պատերազմէն անմիջապէս վերջ, որովհետեւ ո՛չ պատերազմի ընթացքին, ո՛չ ալ անկէ վերջ մենք մեր աշխատանքները չենք դադրեցուցած, այլ պարզապէս փոխած ենք թիրախներն ու շեշտադրումները: Իջած ենք հրապարակ` պաշտպանելու Արցախի շահերը` մեր շահերը: Մենք լաւ գիտենք, թէ մեր թշնամին ինչ հսկայական միջոցներ օգտագործած է, որուն դէմ ունինք մեր բանակը: Հայ Դատի ընկերներն ու ընկերուհիները կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակը: Եթէ առաջինը մեր ժողովրդի ֆիզիքական պաշտպանութիւնը կ’ապահովէ, Հայ Դատի բանակը անոր թիկունքն է, որ քաղաքական, դիւանագիտական եւ արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ նոյնքան մեծ պատերազմի մէջ աշխարհով մէկ է:
Մենք ունինք նաեւ Արցախի բարեկամներու ցանց, որ օրը օրին կ’ընդարձակուի: Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ, Եւրոպայի մէջ ունինք այնպիսի ոչ հայ բարեկամներ, որոնք պատրաստ են Արցախի դատի կողքին կանգնելու, յայտարարութիւններ ընելու, բանաձեւեր ներկայացնելու խորհրդարանի մէջ, իշխանութեան հետ գործակցելու: Եւ մենք բաւական մեծ յաջողութիւններու հասաղ ենք այս առումով:
Վերջերս Նոպելեան 4 մրցանակակիրներ յստակօրէն Ատրպէյճանը որպէս յարձակող որակեցին: Համաշխարհային ընկալումի մէջ Ատրպէյճան ինքն իրեն կը ներկայացնէ որպէս իր հողերուն վրայ պատերազմ տարած պետութիւն եւ երբեք չէ ընդունած Արցախի ինքնուրոյն նկարագիրը: Ասիկա փոխելու համար մենք դիմեցինք Նոպելեան մրցանակակիրներուն, որոնք վերջերս այդ յայտարարութիւնը կատարեցին: Շուտով այդպիսի յայտարարութիւն պիտի ըլլայ նաեւ Կիպրոսի մէջ եւ նմանատիպ աշխատանքներ պիտի տանինք աշխարհով մէկ:
Կարելի եղաւ կասեցնել քանի մը զինուորական աշխատանքներ` կապուած մեր թշնամիին զինամթերք մատակարարելուն հետ: Այդ ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք տարուեցաւ: Քանատայի մէջ »պարեաքթարի» մասեր տրամադրող ընկերութիւնը սնանկացաւ, քանի որ մեր աշխատանքին հետեւանքով Քանատայի կառավարութիւնը արգիլեց այդ կտորներուն առաքումը Թուրքիա: Մեծ պայքար կը մղենք այդ ուղղութեամբ ԱՄՆ-ի մէջ, Իսրայէլի մէջ: Նաեւ աշխարհով մէկ կը ներկայացնենք Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողական քաղաքականաութեան իսկական դիմագիծը:
Մենք Հայ Դատի յանձնախումբերու կողքին գործող ունինք հայերու իրաւունքներով զբաղող միութիւն, որ մասնագիտացած է Արցախի հարցի իրաւական մասով: Այսօր դատեր բացած ենք գերիներու հարցով եւ այդ ուղղութեամբ կ’աշխատինք ՀՀ-ի փաստաբանական ընկերութիւններէն մէկուն հետ: Նաեւ պատերազմական ոճիրներու, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցերը արծարծած ենք:
Արցախի առումով օրակարգի վերջին հարցը մեր այլազան յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու յարաբերութիւններն են ԱՀ իշխանութեան տարբեր օղակներու մէջ, հիմնականօրէն արտաքին յարաբերութիւններու, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի օժանդակութեան ծրագիրները:
Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկումներ ունեցանք ՀՀ քաղաքականութեան, մեր տարուելիք աշխատանքին, Ջաւախքի, Նախիջեւանի, Միջին Արեւելքի ճգնաժամին` մանաւանդ լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան հարցերուն եւ Թուրքիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մեր դատի հետապնդման հարցերուն մասին:
Կարեւոր տեղ յատկացուած է Հայ Դատի գրասենեակներու աշխատանքին, քարոզչական, հաղորդակցական միջոցները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու:
Քննարկուած հարցերուն մէկ մասը միշտ կայ մեր օրակարգին մէջ, մէկ մասն ալ թելադրուած էր վերջին երկու տարուան ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերուն հետեւանքով: Մենք պիտի շարունակենք մեր քննարկումները, եւ համոզուած եմ, որ շուտով կրկին կը տեսնուինք Արցախի մէջ»: