Սուրիոյ խորհրդարանի փոխնախագահին ղեկավարած սուրիական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը 25-30 նոյեմբերին մասնակցեցաւ Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Միջազգային Խորհրդարանական Միութեան 143-րդ վեհաժողովին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, որ ներկայ գտնուեցաւ «Գլխաւոր Քարտուղարութեան» նիստերուն եւ ելոյթներ ունեցաւ մշտական մէկէ աւելի յանձնաժողովներու ընթացքին, ինչպէս` «Կին Խորհրդարանականներու Ֆորում»ին, «Ժողովրդավարութիւն եւ Մարդու Իրաւունքներ» յանձնաժողովին, և «Միջկրօնական Երկխoսութիւն» խմբակի նիստին, ուր ան կեդրոնացաւ Սուրիոյ սահմանադրութեան դրոյթներուն վրայ, որոնք կ’երաշխաւորեն սուրիական հասարակութեան մշակութային բազմազանութեան պաշտպանութիւնը: Արիսեան շեշտեց նաեւ միջկրօնական երկխօսութեան եւ գոյակցութեան առումով խորհրդարաններու կարեւոր դերակատարութիւնը եւ կոչ ուղղեց աշխարհի խորհրդարաններուն աշխատելու ծայրայեղութեան ծնունդ տուող ազդակներուն դէմ եւ միասին տարածելու հանդուրժողականութեան եւ երկխօսութեան մշակոյթը: