«Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները (Էնտրիւ Շոֆեր` ԱՄՆ, Իկոր Խովաեւ` ՌԴ, Պրիս Ռոքֆօ` Ֆրանսա) 4 Դեկտեմբերին յայտարարութիւն տարածած են Սթոքհոլմի մէջ ԵԱՀԿ նախարարական ամէնամեայ հաւաքին 1 Դեկտեմբերին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին եւ 2 Դեկտեմբերին Ատրպէյճանի ԱԳՆ Ճէյհուն Պայրամովին հետ առանձին-առանձին հանդիպումներուն հետեւանքով:
Համանախագահները ափսոսանք յայտնած են, որ կարելի չէ եղած կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միատեղ հանդիպում Սթոքհոլմի մէջ` իրենց հովանիին տակ: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են այդպիսի հանդիպում կատարել, երբ հանգամանքները թոյլ կու տան շարունակելու քննարկումները, որոնք մեկնարկած էին Նիւ Եորքի մէջ` Սեպտեմբերին, եւ Փարիզի մէջ` Նոյեմբերին: Համանախագահները յոյս յայտնած են, որ այդ կարելիութիւնը շուտով կ’ընձեռուի:
Համանախագահները հանդիպած են նաեւ 2022 թուականին ԵԱՀԿ նախագահութիւնը ստանձնելու պատրաստուող երկրի` Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաուին հետ:
ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպշիք եւս մասնակցած է հանդիպումներուն: