ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնիի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձած է 5 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ՏԻՄ (Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններ) ընտրութիւններու արդիւնքներուն` փաստելով, որ 36 համայնքէն Քաղաքական Պայմանագիրը (ՔՊ) համայնքապետ կրնայ ունենալ միայն 15֊ին մէջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք Իշխան Սաղաթէլեանին դիտարկումը.

5 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ՏԻՄ ընտրութիւններուն հետեւանքով 36 մեծ համայնքէն ՔՊ կրնայ համայնքապետ ունենալ 15֊ին մէջ` (Վաղարշապատ, Արտաշատ, Մեծամօր, Արմաւիր, Բաղրամեան, Աշտարակ, Մարտունի, Սպիտակ, Ծաղկաձոր, Հրազդան, Աշոցք, Ջերմուկ, Գառնի, Խոյ, Փամբակ):

Միւս 21 համայնքին մէջ (Մասիս, Ապարան, Գաւառ, Վարդենիս, Վանաձոր, Նաիրի, Նոր Հաճն, Աբովեան, Ամասիա, Ախուրեան, Եղէգնաձոր, Վայք, Նոյեմբերեան, Փարաքար, Վեդի, Արարատ, Արաքս, Թումանեան, Սեւան, Թալին, Արթիկ) ընդդիմադիր եւ ոչ իշխանական ուժերը մինակ կամ դաշինքներ կազմելով կրնան ձեւաւորել տեղական իշխանութիւն:

Յիշեցնենք` Ախուրեան համայնքի երկու ընդդիմադիր ուժերը արդէն հանդէս  եկած են տեղական իշխանութիւնը միատեղ ձեւաւորելու մասին յայտարարութեամբ: