ԿՍՄԻԹ
Հալէպի շուկաներուն մէջ գիները համաշխարհային մրցանիշի կրնան արժանանալ իրենց անկայուն ու անտրամաբանական ընթացքով։ Սուղ է ամէն բան՝ հացէն մինչեւ թան։ Ո՛չ շուկայի օրէնքին կ’ենթարկուին գիները Հալէպի, ոչ ալ կառավարութեան սահմանած օրէնքներուն։ Կառավարութիւնն ալ միականի, գիներու տատանումները թողած, ապօրինի առեւտրականներու ետեւն է ինկած։ Շաբաթը նոր, բանտարկեալ մը նոր։ Մարդիկ ազատ աշխատելու իրաւունք չունին, օրէնք կայ չէ՞, այդ օրէնքին պիտի ենթարկուին։ Սակայն գիները Հալէպի, զերծ կը մնան ամէն օրէնքէ եւ մարդոց չարաշահութեան համաձայն կը բարձրանան այնքան, որ սովորական եկամուտ ունեցող ընտանիքի մը հայրը դժուար թէ կարենայ կերակրել իր զաւակները։
Եթէ փորձէք այս անբնական եւ ծաւալող սղաճին պատճառը հասկնալ, կա՛մ կաթուածահար կ’ըլլաք, կամ կ’անիծէք այն պահը, երբ արդարութեան հաւատացած էիք միամտօրէն։ «Գողը գողէն գողցաւ, Աստուած տեսաւ զարմացաւ» կ’ըսեն խանութպանները։
Ինչպէ՞ս դիմանալ ուրեմն, ի՞նչը պահել, ինչը զեղչել, որո՞ւ բողոքել, զո՞վ հաշուի կանչել։ Ո՞վ է գողը, ո՞վ դատաւորը… անվերջանալի հարցումներդ կը մնան անպատասխան ու գրպանդ դատարկ, ձեռքդ քանի մը կտոր ուտեստ կը դառնաս տուն, կիսակուշտ պահելու ցուրտէն սարսռացող ընտանիքդ։
Արաբական ժողովրդային ասացուածքին համաձայն, կորսուած թասի կը նմանի Հալէպի շուկան։ Գիները ո՛չ եկամուտներուն կը համապատասխանեն, ո՛չ բնակչութեան կարիքներու բաւարարման։ Անոնք անխնայ կը բարձրանան, իրենց հետ բարձրացնելով մարդոց արեան գերճնշումն ու հայհոյելու ունակութիւնը։
Կը հայհոյեն անհասցէ, որովհետեւ չեն գիտեր զով այպանել։
Կը փորձեն խնայել ու գտնել ամէնէն աժան մթերքն ու միրգը, սակայն կը համոզուին, որ այս քաղաքին մէջ մարդն է աժանագոյնը։
Մարդը, որ իրաւունք չունի իր ուզած քանակով հաց գնելու, ձմրան ցուրտէն զաւակները պաշտպանելու համար վառելանիւթ ապահովելու, նոյնիսկ իր ուզած ժամերուն ինքնաշարժ վարելու։ Ամէն բան չափուած-ձեւուած է վատագոյն կենսամակարդակով ապրուստի համար։ Այդ չափէն դուրս մեղանչում է։
Փշակն