131 տարի անց ժամանակները նոյնն են, վատ են մեր կուսակցութեան համար՝ յատկապէս հայրենիքի մէջ։ Նիկոլ Փաշինեան անունով պոլշեւիկատիպ վարչապետը կուրօրէն լծուած է  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ աշխատանքի։

Մենք նման հալածանք եւ ատելութիւն շատ ենք տեսած, ըլլա՛յ թուրքէն, ըլլա՛յ սովետէն եւ ըլլա՛յ Տէր-Պետրոսեանէն։ Օրինակները շատ են. երիտթուրքերը փաստեցին, որ արժանի յետնորդներն են մարդասպան սուլթաններու,  հալածեցին մայրաքաղաքի եւ այլ գաւառներու յայտնի դաշնակցական դէմքերը՝ Գրիգոր Զոհրապը, Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթօն եւ ուրիշներ, ընդհանուր՝ 2345 մարդ։

Մենք չենք մոռցած նաեւ սովետին հիւսած դաւերը, երբ տասնեակ դաշնակցականներ, գլխաւորութեամբ Գարեգին Նժդեհի, մաշելով սպառեցան մութ բանտերուն մէջ։ Նժդեհ իր կեանքի վերջին մասը անցուց բանտերու մէջ, պարզապէս դաշնակցական ըլլալուն համար։ Իսկ Տէր Պետրոսեանի օրերուն, վստահ եմ՝ ընթերցողները կը յիշեն, թէ ինչպիսի ապօրինի միջոցներով կուսակցութեան կեդրոնները փակուեցան, Հայաստանի ընկերները բանտարկուեցան անհիմն մեղադրանքներով, ապա ընկեր Մարուխեանին հետ արտաքսուեցաւ Դաշնակցութիւնը Հայրենիքէն, երբ ան իր ամբողջ ներուժը յատկացուցած էր Արցախի ազատագրման գործին։

Բայցեւայնպէս,  մենք գիտենք ճիշդ ուղին գտնել, որպէսզի ազգն ու հայրենիքը մնան անվնաս։ Գիտենք, որ հարկ է պահանջատէր ըլլալ, պինդ եւ ամուր՝ ծառայելով Հայ Դատին, Հայաստանին, ժողովուրդին ու մանաւանդ Արցախին։

Ժամանակին ընկ. Հրայր գծեց մեր արդի քաղաքական շրջանի պահանջատիրական պայքարի ճանապարհը: Հիմք ընդունելով 1944-ի Դաշնակցութեան ձեւաւորած Հայ Դատի շարժումը՝  ան  մղում տուաւ Հայ Դատի ուժական հետապնդման գործին, բիւրեղացուց մեր գաղափարական աշխարհահայեացքը եւ արդիականացուց կազմակերպական կառոյցն ու գործընթացը՝ հիմնուելով 1972-ի Դաշնակցութեան 20-րդ ընդհ.Ժողովին վրայ, որ որոշում առած էր ստեղծել «Հայոց Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»  գաղտնի ռազմաքաղաքական կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն էր համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Հայկական հարցին վրայ եւ Թուրքիան ստիպել ճանչնալու 1915-ի Ցեղասպանութիւնը,  բանակցութիւններ սկսելու հայկական կողմին հետ եւ հայ ժողովուրդին վերադարձնելու Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած հողերը։ Այսպիսով ան քաղաքականացուց ժողովրդային մտայնութիւնը եւ նախաձեռնեց մեր յեղափոխական աւանդներու զարթնումին, ամրագրեց նաեւ Հայաստանն ու Սփիւռքը իրարմով ամբողջացնելու սկզբունքը:

Այսօր, երբ հայրենիքը, Նիկոլի ղեկավարութեամբ, ազգային արժէքներու, արդարութեան անկումի եւ պահանջատիրական պայքարէն խորթացումի ընթացք բռնած է, նոյնինքն Նիկոլը հայկական Սիւնիքի  Էյվազլի եւ Չայզամ գիւղերը՝ ատրպէյճանական անուանելով կը յանձնէ թշնամիին, Դաշնակցութիւնը կը մնայ ժամանակները հակակշռող, հաւաքական ճանապարհը լուսագծող եւ ազգային նաւը ալեկոծ ջուրերէն խաղաղ ափեր առաջնորդող ուժը։

Յիշենք, 1918-ին անկարելի կը թուէր, բայց իրականութիւն դարձաւ անկախ պետութեան կերտումը՝ Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ։

Արամ Մանուկեան, Հակառակ իր կարճ կեանքին,  հիմքը դրաւ պետականութեան։ Երբ Արցախը գրաւուած էր ազերիներուն կողմէ, նոյնինք Դաշնակցութիւնը, իր շարքերը ու ամբողջ կարողութիւնը ուղղեց Արցախ, ազատագրեց պատմական Հայաստանի Արցախ աշխարհը։  Դաշնակցութիւնը պիտի կրկնէ ընկ. Հրայրին կոչը. «բոլորի՛ն, բոլորի՛ն, բոլորի՛ն, վերադառնալ հայրենիք, երթալ հայրենիք, մեռնիլ յանուն հայ ժողովուրդին՝ ապրեցնելու համար հայ ժողովուրդը»։

Շնորհաւոր 131-ամեակդ, Դաշնակցութի՛ւն։

Գէորգ Ղազէլեան