ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Արաբական աշխարհի ախոյեանական մրցումներուն, Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը պատմական յաղթանակ մը արձանագրելով 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թունէսը: Սուրիոյ կոլերը նշանակեցին Օլիվըր Քաս Քաու եւ Մուհամմատ Անզ:
– Սուրիոյ պասքեթի հաւաքականի եւ ՀԵԸ-ի աղջկանց խումբի խաղացող Աննա Ասլանեան Դամասկոսի մէջ Պարատա կազմին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ծանր վնասուածք մը ստացաւ, որուն հետեւանքով ան շուրջ երկու ամիս հեռու պիտի մնայ կազմէն:
-Հալէպի Իթթիհատի պասքեթի տղոց խումբը մեկնեցաւ Յորդանան, ուր պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը, որուն ընթացքին բարեկամական հանդիպումներ պիտի ունենայ Օրթոտոքսիի կազմին հետ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԻՐ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 16-րդ փուլի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել հիւրընկալ Ռէալ Սոսետատը եւ շարունակել գլխաւորել աղիւսակը. Ռէալին կոլերը նշանակեցին Վենիսիոս Ժունիըրն ու Լուքա Եովիչը: Քաթալոնէական Պարսելոնան Չաւիի գլխաւորութեամբ կրեց իր առաջին պարտութիւնը, 1-0 արդիւնքով զիջելով Ռէալ Պեթիսին: Աթլեթիքօ Մատրիտը դարձեալ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Ռէալ Մայորքայէն: Աւելցնենք, որ ֆրանսացի Քարիմ Պենզեման 12 կոլով կը գրաւէ կոլսքորիստներու առաջին հորիզոնականը:
ՔԱԹԱՐԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Քաթարի մէջ բացումը կատարուեցաւ արաբական աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանական Ֆիֆա Քաթար 2021 մրցաշարքին, ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ Սուրիան: Տեղի ունեցաւ արդիական միջոցառումներով օժտուած բացման հանդիսութիւն: Յիշենք, որ Քաթարի ալ Խուր քաղաքին մէջ շահագործման յանձնուեցաւ «ալ-փէյտ» մարզադաշտը, ուր տեղի պիտի ունենան 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեան խաղերը։ Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, այն Քաթար-2022-ի միակ մարզադաշտն է, որ հագեցած է շարժական տանիքով:Աւելցնենք, որ 2022-ի համաշխարհային ֆութպոլի մրցումները տեղի պիտի ունենան Քաթարի մէջ 21 Նոյեմբերին:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան