ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբի խաղացող Պետիկ Մահսերէճեան մէկ տարուան վարձավճարով Հալէպի Հուրիէի կազմին միացաւ:
– Սուրիոյ ֆութպոլի պատանեկան հաւաքականը Ասիոյ կիսաւարտական մրցաշարքին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Եամանի կազմէն:
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան առաջին փուլի մրցումներուն, Իթթիհատը Համայի մէջ 55-65 արդիւնքով յաղթեց հիւրընկալ Նաուաիրին, իսկ Հալէպի մէջ Ճալաաը զիջեցաւ Ուահտէին: Լաթաքիոյ մէջ Ուասպէն պարտութեան մատնեց Հըթինը, իսկ Ճէյշը յաղթեց Թալիաաին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
Երեւանի Տինամօ մարզահամալիրին մէջ 16-19 Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ բռնցքամարտի հաւաքական մրցաշարք մը, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի, Իրանի, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի հաւաքականները: Հայաստանն ու Ուքրանիան մրցաշարքին պիտի ներկայանան երկու կազմերով: Բռնցքամարտիկները պիտի մրցին բոլոր՝ 13 ծանրութեան կարգերուն համար: Մաս պիտի կազմեն նաեւ կանանց հաւաքականները:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌՈՊԵՐԹՕ ՄԱՆՉԻՆԻՆ ԴԱՐՁԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒ
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻՉ
Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային դաշնութեան հրապարակած արդիւնքին համաձայն, 2021-ի ազգային հաւաքականներու լաւագոյն մարզիչ յայտարարուեցաւ Իտալիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինին, որուն ղեկավարութեամբ իտալացիները դարձան Եւրոպայի ախոյեան: Ան ապահովեց 225 կէտ: Երկրորդ տեղը գրաւեց Արժանթինի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լիոնել Սկալոնին, որ իր կազմին հետ նուաճեց Ամերիկայի գաւաթը: Ֆրանսայի հաւաքականի մասնագէտ Տիշամբը եկաւ երրորդ դիրքի վրայ, անոր յաջորդեց Պրազիլի հաւաքականի մարզիչ Տիտէն:
ՏԷՄՊԷԼԷ ԿՐԿԻՆ  ՎՆԱՍՈՒԱԾՔ ՍՏԱՑԱՒ
Սպանիոյ քաթալոնէական ակումբի յարձակողական ֆրանսացի խաղացող Օսման Տէմպէլէ կրկին վնասուածք ստանալով դուրս եկաւ դաշտէն: Ախոյեանութեան 17-րդ փուլի Օսասոնայի դէմ տեղի ունեցած հանդիպումին, Տէմպէլէ գնդակի փոխանցում մը կատարած պահուն մկանային պրկում ունեցաւ, որմէ ետք չկրցաւ շարունակել հանդիպումը եւ լքեց խաղը: 80-րդ վայրկեանին խումբի մարզիչ Չավին անոր փոխարէն Ֆիլիփ Քոթինիոն խաղին մասնակից դարձուց:
Ռաֆֆի Սիւլահեան