Երկուշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2021-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիա կ’աշխատի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ. «Մենք ներկայացուցիչներ պիտի նշանակենք՝ փոխադարձ սկզբունքով։ Անգարա իր քայլերը պիտի համակարգէ Ատրպէյճանի հետ. մենք օդանաւային թռիչքներ պիտի սկսինք դէպի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան», ըսած է ան։ Թուրքիոյ անսպասելի առաջարկը համահունչ է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի խնդրանքին, որ Հոկտեմբերին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ նախագահ Թայիպ Էրտողանին՝ բանալու երկրին սահմանը դէպի ծով ելք չունեցող Հայաստանի հետ։ Այս մասին աւելի ուշ Bloomberg-ին ըսած էր թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեան: Թուրքիա յոյսով է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու քայլերը պիտի օգնեն Անգարային՝ բարելաւելու լարուածութիւնը Ուաշինկթընի հետ՝ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումին համար: Պայտընի եւ Էրտողանի հանդիպումէն վերջ երկու երկիրները վիճելի հարցերը լուծելու ձեւ ստեղծած են։ «Էրտողան կրնայ զգալի օգուտներ քաղել արտաքին քաղաքականութեան որեւէ քայլէ, որ կ’օգնէ կայունացնելու տնտեսութիւնը, որովհետեւ թռիչքային գնաճը կը սպառնայ անոր ժողովրդականութեան 2023 – ի քուէարկութեան ընդառաջ», յայտնած է հեղինակաւոր պարբերականը: