Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըչ պիտի դառնայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը: Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Չորեքշաբթի օր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան ընթացքին ըսած է. «Սերտար Քըլըչը պիտի դառնայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մեր յատուկ ներկայացուցիչը»: Քըլըչ Թուրքիոյ մէջ բաւական հեղինակաւոր գործիչ է: Ան վարած է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը, եղած է Թուրքիոյ դեսպան Պէյրութի, Թոքիոյի եւ Ուաշինկթընի մէջ, ուր ան դեսպան էր մինչեւ վերջերս` 2021 թուականի սկիզբը: