Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն կը յայտնեն, որ Պրիւքսէլի մէջ, Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի աւարտէն ետք, տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը` Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ: Եռակողմանի հանդիպումէն ետք Մաքրոն` «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով, նշած է. «Մենք երբեք պիտի չլքենք հայերը: Մենք տեւական խաղաղութեան համար լուծումներ միշտ պիտի փնտռենք: Կը յորդորեմ, որ տօնական այս շրջանը դառնայ մարդասիրական յառաջընթացի ու հաշտեցման շրջան»: