ՀՅԴ Բիւրօն իր եւ դաշնակցութեան ամբողջ ընտանիքի անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորէ «ԱԼԻՔ» օրաթերթին 90-ամեակը: Մեր երախտագիտութեան խօսքը կը յղենք «ԱԼԻՔ»-ի խմբագրակազմերուն եւ աշխատակիցներուն, որոնց տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ «ԱԼԻՔ»-ը 9-ը երկար տասնամեակներ անխափան հասած է իրանահայ ընթերցողին՝ անոր փոխանցած ՀՅԴ գաղափարախօսութիւնն ու ազգային-քաղաքական դիրքորոշումները: «ԱԼԻՔ»-ը նաեւ առաջատար դիրքերու վրայ եւ մնայուն հեւքով արձագանգած է մեր մշակութային, կրթական ու հասարակական հաստատութիւններու գործունէութեան՝ բարձր գնահատելով անոնց դերը համայնքի կենսունակութեան մէջ: Իր բազմամեայ լրատուական-հրատարակչական գործին մէջ «ԱԼԻՔ»-ը շաղկապած է Հայրենիքն ու Սփիւռքը՝ այդ կարգին իրանահայ համայնքը, խթանելով միմեանց ճանաչման գործին եւ միեւնոյն ազգի անբաժանելի մասնիկը հանդիսանալու ընկալումին: «ԱԼԻՔ»-ը մշտապէս ջատագովն է եղած նաեւ Իրան-Հայաստան փոխադարձ ճանաչողութեան մակարդակի բարձրացման ու բարեկամութեան խորացման: «ԱԼԻՔ»-ին կը մաղթենք բեղուն կեանք եւ ՀՅԴ ազգային նպատակներու եւ գաղափարախօսութեան իրագործման ուղղուած արդիւնաւէտ գործունէութիւն: ՀՅԴ Բիւրօ